Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թունուզի Մէջ. Ֆահմի Մասնակցեցաւ Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Խորհրդաժողովին

Մարտ 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ Թունուզի մէջ մասնակցեցաւ արաբ ներքին գործոց նախարարներու 37-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը:

Ֆահմի շեշտեց, որ Լիբանան արաբական աշխարհին անմասնատելի մէկ մասնիկն է` ընդգծելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի միասնականութեամբ գործելու` շրջանի երկիրներուն աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար:

«Լիբանան իր արաբական միջավայրէն ու բնական գիրկէն պիտի չհրաժարի, որովհետեւ անիկա իր ժողովուրդին եւ եղբայրներուն գիրկն է, իսկ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները պիտի վերահաստատուին», ըսաւ ան:

Ֆահմի շեշտեց, որ արաբ ժողովուրդներուն նախահայրերուն կառուցածը կազմաքանդելու համար ամբողջ համակարգ մը կը գործէ` հաստատելով, որ անոր դէմ կարելի է պայքարիլ եւ դիմադրել միայն իրարու հետ գործակցութեամբ, իրարու կառչածութեամբ եւ արաբական միասնականութեամբ:

Ֆահմի վերահաստատեց նաեւ ապահովական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա ունեցած է իր դրական ազդեցութիւնը` ապահովական մարզին մէջ, յատկապէս ապահովական գործողութիւնները կանխարգիլելու իմաստով արձանագրուած իրագործումներուն առումով:

Ֆահմի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ծանր բեռի տակ կքած է` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ապրուստի, տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ապահովական մարտահրաւէրները:

Ան նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը կոչուի մարտահրաւէրներու դիմադրութեան կառավարութիւն, որ ծնած է ժողովուրդին ցաւերէն եւ անիկա գործով եւ ոչ թէ բանիւ` բոլոր լիբանանցիներուն կառավարութիւնն է:

Ֆահմի անդրադարձաւ նաեւ Միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանան հասած մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուած այն փոքր գումարներուն եւ օժանդակութիւններուն, որոնց պատճառով երկրին տնտեսական տագնապը օրըստօրէ աւելի կը սաստկանայ:

Միւս կողմէ, Ֆահմի շաբաթ օր հանդիպում ունեցաւ Թունուզի նախագահ Քայս Սուէյտի հետ, որուն փոխանցեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ողջոյնները` Թունուզի նախագահին եւ թունուզցիներուն, որոնք լիբանանցիներուն եղբայր ժողովուրդ կը նկատուին:

Ֆահմի իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Թունուզի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան համար:

Նշենք, որ Թունուզի մէջ Ֆահմի հանդիպում ունեցաւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայէֆ պըն Ապտել Ազիզ իշխանին հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ եղբայրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն վերաբերող միացեալ հարցեր:

Ֆահմի բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնը:

Ֆահմի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Օմանի ներքին գործոց նախարար Համմուտ պըն Ֆայսալ պու Սուէյտիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ֆահմիի այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներքին գործոց նախարար Սէյֆ պըն Զայէտ Ալ Նահիանը: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Ա. Մ. Էմիրութիւններուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Ֆահմի գնահատեց շրջանին մէջ Էմիրութիւններուն ունեցած դերակատարութիւնը:

Նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին Սալամէ Համատ Սահիմի հետ:

Ֆահմի իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց Քաթարի արդարութեան նախարար Իսա պըն Սաատ Ճաֆալի Նաայիմին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով դժուար փուլերուն Լիբանանի նկատմամբ Քաթարի ցուցաբերած զօրակցութիւնը:

Ֆահմի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քուէյթի փոխվարչապետ Անաս Խալետ Նասեր Սալեհի, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար Մահմուտ Թաուֆիքի հետ:

Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները` յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Գուժեց Այման Մեհտի Մոհամետի Նահատակութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Կը Հասնի 10-ի

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?