Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Էմիր Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար,  հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմարը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ մղուած պայքարին մանրամասնութիւնները: Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչ Մոհամետ Պաասիրի, որ հաստատեց երկրին մէջ քաղաքական կամքի գոյութեան կարեւորութիւնը` բարեկարգումի անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու իմաստով:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա երէկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան տնտեսական կցորդ Ֆրանսուա տը Ռիքոլվիսի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը` ընդգծելով այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Տը Ռիքոլվիս հաստատեց, որ Ֆրանսա Լիբանանի գլխաւոր գործընկեր է եւ կը շարունակէ զօրակցիլ անոր:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նուհատ Մաշնուք երէկ կոչ ուղղեց կառավարութեան` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնելու` «Պլոք 9» նաւթահորի պեղման իսրայէլեան կառավարութեան որոշումին վերաբերեալ: Մաշնուք հաստատեց, որ «Պլոք 9» նաւթահորը կը գտնուի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ վիճայարոյց տարածքի մէջ, հետեւաբար անիկա լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի եւ միջազգային համաձայնագիրներու խզում: Ան շեշտեց նաեւ, որ ծովային սահմաններու ոտնձգութիւնը շարունակութիւնը կը նկատուի իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն, որոնք, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարին վկայութեամբ, օրական դրութեամբ կը գործուին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց` լիբանանեան միացեալ կեցուածք մը որդեգրելու Իսրայէլի կողմէ յայտարարուած «Պլոք 9» նաւթահորի պեղման որոշումին դէմ:

ՄՈՒՍԹՔԱՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մտադիր չէ դարձեալ պատասխանատուութիւն ստանձնել, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնը հանրապետութեան զոյգ նախագահներ ունի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաստատեց, որ իրենց համար նախատեսելի է, թէ քաղաքական կարգ մը ուժեր` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, կը մշակեն կառավարութիւնն ու իշխանութիւնը տապալելու ծրագիրը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած դժուարութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր հաստատեց, որ սխալ է այն մեկնաբանութիւնը, թէ Լիբանանի վրայ Միացեալ Նահանգներուն պարտադրած պատժամիջոցները Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով են, ինչպէս յայտարարած է Լիբանանի մէջ ամերիկացի դեսպան Տորըթի Շիան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանան տնտեսական հսկայ ուժ մը չէ, որպէսզի առանցքներու խաղին մէջ ներքաշուի, այլ պէտք է սկսի գործադրել իր խոստացած տնտեսական բարեկարգումները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Յունիս 2020)

Յաջորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան Զինուորական Կցորդը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?