Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1745-ի, Մահուան Պարագաներունը` 34-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1170-ի

Յունիս 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1745-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 5 նոր վարակուածներ, որոնք բոլորը տեղացիներ են:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 34 պարագաներ մահացած են, իսկ 1170 ուրիշներ` ապաքինած:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութեան հետ:

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանային բաժանմունքի տնօրէն Սարուժ Քումար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կառավարական հիւանդանոցներու կահաւորման համար Միջազգային դրամատան յատկացուցած գումարին վերաբերող հարցեր:

Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ յաջորդ փուլին Լիբանանի կառավարական հիւանդանոցներուն մէջ բուժումը լրիւ անվճար դարձնելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական շատ ծանր տագնապը:

Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի տնօրէն Ֆատի Հասան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ օդակայանը անցեալ չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ բաց է անձնական օդանաւերու դիմաց:

Ան աւելցուց, որ վաղը` չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2020-էն սկսեալ Պէյրութի միջազգային օդակայանը իր կարողութեան միայն տասը առ հարիւրով պիտի գործէ` սկսելով առեւտրական թռիչքները:

Հասան նշեց, որ օդակայանը օրական դրութեամբ 20 թռիչք պիտի դիմաւորէ` ընդունելով միջին հաշուով շուրջ երկու հազար ճամբորդ:

Ֆատի Հասան նշեց, որ օդանաւային տոմսերուն սակերը սուղ պիտի չըլլան` այնպէս ինչպէս էր պարագան, երբ «Քորոնա»-ի համաճարակին օրերուն արտերկրի լիբանանցիները կը փոխադրուէին Պէյրութ` լեցնելով Լիբանան հասնող օդանաւերուն միայն կէսը:

Ֆատի Հասան ընդգծեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին տնօրէնութիւնը նախազգուշական բոլոր միջոցառումներուն դիմած է` միջազգային կազմակերպութիւններուն յանձնարարութիւններուն համապատասխան` միջոցառումները հականեխումի, ընկերային հեռաւորութեան եւ առողջապահական ցուցմունքներու առումով:

 

 

Նախորդը

Պուխարի Սլէյմանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?