Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Մեր Մտահոգութիւնն Է Ապահովել Ժողովուրդին Սնունդի Բաւարարութիւնը Եւ Երաշխաւորել Ապահովութիւնը»

June 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց «Քարիթաս» բարեսիրական միութեան ընդհանուր պատասխանատու, մարոնիներու Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը, «Քարիթաս»-ի տնօրէն, հայր Միշել Ապուտ Քարմալի, որոնց կ՛ընկերակցէին «Քարիթաս»-ի նորակազմ վարչութեան անդամները:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող դժնդակ կացութիւնը բարձրացուցած է աղքատութեան տոկոսը` ընդգծելով, որ այժմ պետութեան հիմնական մտահոգութիւնն է սնունդի բաւարարութիւն ապահովել Լիբանանի ժողովուրդին եւ երաշխաւորել ապահովութիւնը, մանաւանդ, որ ցոյցերը, որոնք սկիզբը կը ներկայացնէին ժողովրդային պահանջները, հետագային վերածուեցան անկարգութիւններու` Լիբանանը չներկայացնող տարրերու կողմէ: Նախագահը յայտնեց, որ իրենց պարտականութիւնն է օժանդակել, որ ժողովուրդը արժանապատիւ ձեւով ապրի, աշխատի եւ ապրուստը ապահովէ:

Ան ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն օգնելու ժողովուրդին` պետութեան սահմանափակ կարելիութիւններով:

Հանդիպման ընթացքին, Աուն եպիսկոպոս «Քարիթաս»-ի ընտանիքի անունով իր ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Աունին` Աստուծմէ խնդրելով, որ անոր պարգեւէ իմաստութիւն, որպէսզի յաջողի լիբանանը ապահով ցամաք հասցնել` այն վճռականութեամբ, որով օժտուած է նախագահ Աուն:

Եպիսկոպոսը նախագահին ներկայացուց նորակազմ վարչութիւնը եւ փոխանցեց «Քարիթաս»-ի պատգամը` յուսալով, որ նախագահին ցուցմունքներուն եւ եկեղեցիներուն օրհնութեամբ «Քարիթաս» պիտի ըլլայ լուսաւոր մոմ մը օրէ օր շեշտուող մթութեան մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ «Քարիթաս» յաջողի շարունակել իր մարդասիրական աշխատաքները:

Հայր Ապուտ իր կարգին շեշտեց, որ «Քարիթաս» կ՛օժանդակէ բոլոր կարիքաւորներուն` անկախ անոնց պատկանելիութիւնէն եւ առանց խտրականութեան: Ան աւելցուց, որ «Քարիթաս» ունի նաեւ օտարերկրացիներու եւ գաղթականներու բաժանմունք, որոնց տարբեր ծառայութիւններ կը տրամադրէ: Ան նշեց, որ եկած են նախագահին փոխանցելու յոգնածներուն եւ անօթիներուն ցաւերը` նշելով, որ անոնք, որոնք ժամանակին նիւթապէս կ՛օգնէին «Քարիթաս»-ին, այժմ «Քարիթաս»-ի օգնութեան կարիքը ունին: Հայր Ապուտ աւելցուց, որ «Քարիթաս» այլ բարեսիրական միութիւններու չի նմանիր, եւ երկրին մէջ օգտակար կը դառնայ աւելի քան 10.000 անձերու, հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը պէտք չէ զայն զրկէ որեւէ իրաւունքէ:

Նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ «Քարիթաս» հանրածանօթ է` բոլոր լիբանանցիներուն առանց խտրականութեան օգնելու իր յատկանիշով, եւ ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ փուլին անոր ստեղծումէն ի վեր, աշխատանքները երբեք չընդհատուեցան Լիբանանի մէջ: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց մարդոց ծառայելու համար բոլորին ի գործ դրած աշխատանքները:

 

 

Նախորդը

Առողջապահութեան Եւ Պաշտպանութեան Նախարարները Այցելեցին Պատարոյի Զինուորական Հիւանդանոց

Յաջորդը

Թուրքիա Պիտի Վերանորոգէ Հայ-Թրքական Սահմանին Վրայ Գտնուող Անիի Կամուրջը

RelatedPosts

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար  «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի

November 12, 2026
Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը  Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ
Լիբանանեան

Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.