Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսրայէլի Կողմէ Վիճայարոյց Ծովային Տարածքներուն Մէջ Նաւթի Պեղումներ Կատարելու Քայլը Շատ Վտանգաւոր Է, Եւ Պիտի Չարտօնենք, Որ Ան Մեր Ծովային Տարածքներուն Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Գործէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յունիս 30, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին:

Կը նախատեսուի, որ ժամ մը առաջ` կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, նախագահ Աուն նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին:

Նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը, որուն ընկերակցեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի  եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք կը հետեւի այն տեղեկութիւններուն, թէ թշնամի Իսրայէլի կողմէ տրուած է որոշում մը, թէ ան նաւթի ու կազի պեղումներ պիտի կատարէ Լիբանանի հետ վիճայարոյց նկատուող ծովային տարածքին` «Պլոք 9» նաւթահորին կից: «Այս հարցը շատ վտանգաւոր է եւ տիրող կացութիւնը կրնայ աւելի բարդացնել: Մենք պիտի չարտօնենք, որ Իսրայէլ մեր ծովային տարածքներուն նկատմամբ ոտնձգութիւն գործէ, որովհետեւ անիկա միջազգայնօրէն ճանչցուած լիբանանեան ջուրերուն տնտեսական տարածքն է, ուր նաւթահորերը կան եւ յատկապէս «Պլոք 9» նաւթահորը, որուն մէջ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Լիբանան պեղումներ պիտի սկսի կատարել», ըսաւ նախագահ Ասուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այն միջոցները, որոնց Կեդրոնական դրամատունը դիմած է` լուծելու համար լիբանանեան դրամանիշին արժէքի վերահաստատման հարցը:

Հանդիպումէն ետք Սալամէ յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է լումայափոխներու ելեկտրոնային հարթակին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ «Sayrafa» կոչուող էփլիքէյշընի գործածութեան մանրամասնութիւնները` լիբանանեան շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը ճշդելու առումով:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրօ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն բարձր գնահատեց դեսպանին տարած դիւանագիտական աշխատանքը` լիբանանեան-քանատական երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու եւ գործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:

 

 

Նախորդը

Պուսթրոս Պալատին Մէջ. «Ցաւալի Այս Դէպքին Էջը Փակեցինք, Որպէսզի Բոլորս Կեդրոնանանք Իսկական Տագնապի Լուծման Վրայ» Շեշտեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

Ալեն Պիֆանի Հրաժարեցաւ Իր Պաշտօնէն

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?