Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուսթրոս Պալատին Մէջ. «Ցաւալի Այս Դէպքին Էջը Փակեցինք, Որպէսզի Բոլորս Կեդրոնանանք Իսկական Տագնապի Լուծման Վրայ» Շեշտեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յունիս 30, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց անոր հաշուոյն արձակուած դատական վճիռը, որուն հեղինակն էր Սուրի մէջ հրատապ հարցերու դատաւոր Մոհամետ Մազեհը:

Հանդիպումին ընթացքին Հըթթի ընդգծեց, որ խօսքի ու մամլոյ ազատութիւնը սուրբ իրաւունք է: Ան դեսպանին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ բոլոր մարզերուն պարագային գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերել կարենալու համար:

Հանդիպումէն ետք Շիա յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումը դրական էր` նշելով, որ այդ հանդիպումին ընդգծուեցաւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն համար:

«Հիմնական հարցը, որ քննարկեցինք իմ հաշուոյս արձակուած դատական վճիռն էր: Ցաւալի այս դէպքին էջը փակեցինք, որպէսզի բոլորս կեդրոնանանք իսկական տագնապին` Լիբանանի տնտեսական տագնապին լուծման վրայ», ըսաւ Շիա:

Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել Լիբանանին, այնքան ատեն որ կառավարութիւնը տագնապին դրդապատճառները լուծելու քայլերու կը դիմէ:

Շիա ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն կը գնահատէ լիբանանեւամերիկեան փոխադարձ գործակցութիւնն ու միացեալ շահերն ու նպատակները պահպանելու ջանքերը, յատկապէս այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:

«Կը հաստատեմ, որ մեր յարաբերութիւնը միացեալ եւ ամուր յարաբերութիւն մըն է, որ պիտի շարունակէ ծառայել յօգուտ լիբանանցիներուն եւ ամերիկացիներուն», շեշտեց ան:

Երեկոյեան Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցան Պուսթրոս պալատին մէջ Շիայի կատարած վերոնշեալ յայտարարութիւնները:

Միւս կողմէ, դատաւոր Մազեհ այսօր պիտի հրաժարէր իր պաշտօնէն` պաշտպանելով Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի արժանապատուութիւնը, սակայն երէկ երեկոյեան կարգ մը վստահելի աղբիւրներ հաստատեցին, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը դատաւոր Մազեհի դէմ պատժական տնօրինում պիտի չորդեգրէ, եւ ան պիտի շարունակէ իր աշխատանքը դատական իշխանութեան մէջ:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Մշարրաֆիէի Հետ Քննարկեց Ընկերային Հարցերու Մարզին Մէջ Համագործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

«Իսրայէլի Կողմէ Վիճայարոյց Ծովային Տարածքներուն Մէջ Նաւթի Պեղումներ Կատարելու Քայլը Շատ Վտանգաւոր Է, Եւ Պիտի Չարտօնենք, Որ Ան Մեր Ծովային Տարածքներուն Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Գործէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Լիբանանեան

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յուլիս 14, 2025
«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով  Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ  Համաձայնագիր Կնքելու»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?