Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պահանջեց Երկուստեք Գործադրել Վիեննայի Համաձայնագիրը` Ընդգծելով, Թէ Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Կարմիր Գիծ Է

July 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հիթթիի, արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմի, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն,  որոնց կարգին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:

Նիստէն ետք Ժապեր շեշտեց, որ իրենք պատրաստ եւ բաց են Լիբանանի շահերը ապահովող ամէն տեսակ քննարկումներու մաս կազմելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բարեկամ բոլոր երկիրներուն օժանդակութիւնը ապահովող քննարկումներ կատարելու:

«Գործնապէս այս ընթացքը Լիբանանի մէջ առկայ է, սակայն կայ կարմիր գիծ մը, որուն շրջանցումը արտօնելի չէ, եւ այդ կարմիր գիծը լիբանանեան ազգային միասնականութեան դպչիլն է: Առանց մեր ազգային միասնականութեան մենք մեր երկրին դիմագրաւած տագնապներէն ոչ մէկը կրնանք լուծել ո՛չ ելեւմտականը, եւ ո՛չ ալ ուրիշ տագնապներ», ըսաւ Ժապեր:

Ան աւելցուց, որ նախարար Հըթթիէն պահանջած են, որ դիւանագիտական գործունէութեան շրջագիծին մէջ Վիեննայի համաձայնագիրը երկուստեք գործադրուի, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ պատահած դէպքը:

«Մեզի համար անընդունելի է, որ դեսպանները լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ դառնան, ինչպէս նաեւ կը մերժենք, որ միջամտութիւն կատարուի այնպիսի հարցերու, որոնք արդէն իսկ ներքին լիբանանեան զգայնութիւններ կը յառաջացնեն: Այսօր Լիբանանի մէջ կայ պատասխանատուներու եւ դեսպաններու հանդիպումներու ու այցելութիւններու քաոս մը: Որեւէ երկրի մէջ դեսպան մը չի կրնար պատասխանատուի մը այցելել, առանց արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեակ պահելու, եւ վերջերս այս մէկը չի կատարուիր: Մեր մաղթանքն է, որ յառաջիկայ օրերուն այդ մէկը կը սրբագրուի», ըսաւ Ժապեր:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Հըթթի նշած է, թէ ինք այսօր պիտի այցելէ հարաւային Լիբանանի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կեդրոն: «Մենք ողջունեցինք անոր կատարելիք այցելութիւնը եւ ընդգծեցինք հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գոյութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու մեր փափաքը», հաստատեց Ժապեր` աւելցնելով, որ արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը Հըթթիի վերադարձէն ետք եւս պիտի գումարէ նիստ մը:

ՆՇԵՆՔ, որ Սուրի մէջ հրատապ հարցերու դատաւոր Մոհամետ Մազեհ երէկ իր հրաժարականը ներկայացուց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին` նկատի ունենալով, որ նոյն խորհուրդը յանձնարարած էր զինք փոխանցել դատական իշխանութեան քննչական մարմինին:

Դատաւոր Մազեհ արձակած էր դատական վճիռ մը, որուն հիման վրայ արգիլած էր լիբանանեան եւ Լիբանանի տարածքին գործող օտար լրատուամիջոցներուն (տպագիր, ելեկտրոնային եւ լսատեսողական) մէկ տարուան համար Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ հարցազրոյց կատարել:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան Զինուորական Կցորդը

Յաջորդը

Պըրրի Քանաանէն Ստացաւ Ելեւմտական Հարցերու Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբին Տեղեկագիրը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.