Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի երէկ յայտնեց, որ Հարիրի լաւ է ու ապահով` հաստատելով, որ ան երկիրը լքելու միտումներ չունի: Խուրի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը պաշտպանութեան կարիք չունի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի, Աւստրիոյ եւ Սլովաքիոյ դեսպանները, որոնց դիւանագիտական գործունէութեան ժամկէտը աւարտած էր: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-չինական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարելու, ինչպէս նաեւ կանխահաս խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններու կայացման, որպէսզի ամբողջական իշխանափոխութիւն կատարուի, եւ հարցերը իրենց ճիշդ հունին մէջ դրուին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` տնտեսական տագնապն ու ապրուստին վերաբերող հարցեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ երէկ զգուշացուց, որ հում նիւթ գնելու համար ամերիկեան տոլար չտրամադրելու քայլերը կը սպառնան երկրի սննդամթերքի համակարգին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու սպառումի կարելիութեան: Ան շեշտեց, որ երկրին սպառողական կարողութեան պահպանումին միակ լուծումը լիբանանեան արտադրութեան քաջալերանքն է, հետեւաբար ազգային ճարտարարուեստին հում նիւթ չտրամադրելը իր կարգին Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն հաշուոյն անարդար քայլ կը նկատուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ քաղաքական իրապաշտութիւնը զիրենք կը մղէ գտնելու ելքեր, որոնք անխտիր բոլորին կողմէ պահանջուած են:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պուխարի Սլէյմանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?