Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 7, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպին կազմելու սեղմ կառավարութիւն մը: Ան նշեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը, որ կարիքը ունի այնպիսի կառավարութեան, ուր նախարարութիւնները անձնական շահերուն չեն ծառայեցուիր: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրելու չէզոք քաղաքականութեան կեցուածքը:

ՀԱՄԱՅՆ Արեւելքի եւ Անտիոքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը ընդգծեց, որ բոլորը ստիպուած են Մեծն Լիբանանի պատգամին կառչած մնալ: Ան հաստատեց, որ իրենք արաբական, քրիստոնէական եւ իսլամական իրենց շրջանակներուն մէջ ապագայ մշակոյթը կերտողներն են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ քաղաքական, ապահովական թէ տնտեսական մակարդակներու վրայ վտանգ կը սպառնայ Լիբանանին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ լիբանանեան լուրջ եւ արդիական համակարգով վարչակարգի մը որդեգրումը անխուսափելի է` աւելցնելով, որ այլապէս Լիբանան պիտի վերանայ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ կոչ ուղղեց կազմելու տնտեսական եւ ընկերային շտապի կառավարութիւն մը: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմուի` նկատի ունենալով, որ Լիբանան քաղաքական ճոխութեան մէջ չի գտնուիր:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ իրենք մշակած են փոփոխութեան օրակարգ մը` աւելցնելով, որ բոլոր հրաժարեալ երեսփոխաններուն միջեւ համագործակցութիւն կայ:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը կրնայ վերանալ` լիբանանեան նեղ խուսանաւումներուն պատճառով:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել նշեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ Լիբանանի մէջ տարի մը ետք երեսփոխանական ընտրութիւններ կայանան: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չիշխեց երկրին` աւելցնելով, որ անոր իշխանութիւնը ձախողած է:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյէն Եւ ՀՕՄ-էն Աջակցութիւն` Սուրիոյ Ճեզիրէի Շրջաններուն

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 20.426-ի, Մահուան Պարագաներունը` 191-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 6139-ի

RelatedPosts

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

September 25, 2026
Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.