Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Մենք Այս Կամ Այն Քաղաքական Ուժին Չենք Զօրակցիր. Մեր Առաջնահերթութիւնն Է Պաշտպանել Քաղաքացիական Անվտանգութիւնն Ու Ապահովական Կայունութիւնը»

Սեպտեմբեր 5, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն դէմ լիբանանեան բանակին մղած «Բարձունքներու արշալոյս»-ը ճակատամարտի յաղթանակին Գ. տարեդարձին առիթով, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղուեցաւ Ռաս Պաալպեք, ուր բացումը կատարեց այդ ճակատամարտին ընթացքին զոհուած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանին:

Այս առիթով զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի այս տարածքը ազատագրուեցաւ ժողովուրդին կամքով եւ բանակին զոհողութիւններով:

«Նահատակ բանակայիններուն թափած արիւնը արդիւնաւորուեցաւ արժանապատուութեամբ եւ ազատութեամբ: 30 օգոստոս 2017-ին լիբանանեան բանակը փակեց ցաւոտ էջ մը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իր պատմութեան մէջ: Բանակը տեղի պիտի չտայ եւ պիտի չարտօնէ, որ ահաբեկչութիւնը վերադառնայ Լիբանան, նոյնիսկ եթէ ան այլ դիմագիծով վերադառնալու փորձեր կատարէ», հաստատեց զօր. Աուն:

Ան շեշտեց, որ բանակին դէմ կան հիմնական երկու թշնամիներ, որոնք են` ահաբեկչութիւնն ու թշնամի Իսրայէլը:

«Մեր ճակատագիրն է հայրենիքին եւ անոր արժանապատուութեան համար զոհուիլ: Մեր նահատակները մեր կուրծքերը զարդարող շքանշաններ են: Այսօր մենք կը յիշենք «Բարձունքներու արշալոյս»-ը ճակատամարտին զոհուած նահատակները, որոնց զոհողութիւններուն շնորհիւ մենք կրցանք ազատագրել բռնագրաւուած մեր հողերը: Փա՛ռք անոնց յիշատակին եւ մխիթարութի՛ւն անոնց հարազատներուն», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանան անցեալ հոկտեմբերէն ի վեր լուրջ տագնապներ կը դիմագրաւէ, ինչպէս` տնտեսական տագնապը, «Քորոնա»-ի համաճարակն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որ  հսկայական քանդում պատճառեց, աւելի քան 190 քաղաքացիներու կեանքեր խլեց ու հազարաւոր վիրաւորներ պատճառեց: «Բնականաբար ժողովուրդը տխուր է ու զայրացած եւ ան իրաւունք ունի զայրանալու, որովհետեւ իր ապրած իրերայաջորդ յուսալքումները պատճառ դարձած են, որ ան իր վստահութիւնը կորսնցնէ: Այսուհանդերձ լիբանանցին կը մնայ կեանքին կառչած եւ կեանքը սիրող քաղաքացի, որ պիտի վերականգնի, եւ կը մաղթենք, որ ան իր վստահութիւնը վերագտնէ: Լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է մեր զոհողութեան, նուիրումին ու հաւատարմութեան», շեշտեց բանակի հրամանատարը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ Լիբանան հայրենիքին ողնասիւնը եւ ան հաւատարիմ պիտի մնայ իր երդումին, որքան ալ սուղ ըլլան զոհողութիւնները: «Պատերազմին թէ խաղաղութեան օրերուն, ինչպէս նաեւ տագնապալի ժամանակներուն ընթացքին մենք զօրակցեցանք լիբանանցիներուն եւ պիտի շարունակենք այդ զօրակցութիւնը: Մենք այս կամ այն քաղաքական ուժին չենք զօրակցիր. մեր առաջնահերթութիւնն է պաշտպանել քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Հանիէի Հետ Քննարկեց Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Ապահովութիւնը

Յաջորդը

«Լիբանանի գծով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մեծ դեր խաղացին ու պիտի խաղան». Բաբգէն Արք. Չարեան

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?