Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Ատիպ յայտնեց, որ իր համոզումն ու փափաքն է, որ կազմէ միասին գործող ներդաշնակ խումբ մը, մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որուն առաքելութիւնը ըլլայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին բարեկարգումները գործադրել:
Ատիպ յայտնեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է նախանցեալ օր իր կատարած երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները` ընդգծելով արագ կերպով կառավարութիւն մը կազմելու բոլորին փափաքը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել:
Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի
Նորոգութեան Հարց
Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գտնուող հինցած կառոյցներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն լոյսին տակ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժարէն պահանջեց անհրաժեշտ բոլոր քայլերը որդեգրել` բարեկարգելու համար վտանգի ենթարկուած կառոյցները, որոնք քաղաքացիական անվտանգութեան կը սպառնան:
Նախագահ Աուն ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթէն պահանջեց օդակայանի վերանորոգութեան աշխատանքներուն յատկացուած գումարներու իւրացման մասին հետաքննութիւն բանալ:
Իր կարգին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար յետմիջօրէին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին դրուատեց տեղեկատուութեան մարզին դրական դերակատարութիւնը` հարցերուն արագ լուծումներ ապահովելու, ինչպէս նաեւ հանրութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու իմաստով:
Նաժժար ընդգծեց, որ ինք ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիէն գումարներ պահանջած է` Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գտնուող յատուկ կառոյցներ նորոգելու համար, սակայն ոչինչ ստացած է:
«Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած պատահարէն ետք, պէտք է օդակայանի կառոյցներուն նկատմամբ զգուշութեամբ վարուինք: Մեզի համար իրապէս անակնկալ էր լսել գումարներու մսխումին մասին, երբ ելեւմուտքի նախարարութիւնը տակաւին ոչ մէկ գումար տրամադրած է: Հետեւաբար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը տեղեակ պահեցինք այս մասին, եւ ան արտակարգ հրամանագիր հրապարակեց` Պէյրութի միջազգային օդակայանին նորոգութեան պատասխանատու ընկերութեան աշխատանքը քառամեակի մը համար յետաձգելու նպատակով», հաստատեց Նաժժար:
Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ
Դարձեալ Ամոնիոմ Նայթրէյթի Բացայայտում
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի շրջակայքին մէջ բացայայտած է բեռնարկղ մը, որ 4 թոն ամոնիոմ նայթրէյթ կը պարունակէր: Պէյրութի նաւահանգիստին հսկայական պայթումը պատճառած քիմիական այս նիւթը բացայայտուած բեռնարկղին մէջ զետեղուած էր այնպիսի տոպրակներով, ինչպէս կը գտնուէր նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ:
Նշենք, որ ամոնիոմ նայթրէյթի գոյութեան մասին Պէյրութի մաքսատունը անտեղեակ է, իսկ բանակը անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն դիմած է` քիմիական այդ նիւթը փոխադրելու այլ վայրեր: