Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժըմմէյզէի Փլած Շէնքին Տակ Ողջ Մարդ Գտնելու Նշոյլներ Ու Յոյսեր Չկան, Իսկ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Մասին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Սեպտեմբեր 7, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 5 սեպտեմբեր 2020-ի երեկոյեան Ժըմմէյզէի մէջ փուլ եկած շէնքի աւերակներուն մէջ որոնողական աշխատանքները շարունակող չիլիական խումբի ղեկավարը յայտնեց, որ այդ աւերակներուն տակէն ողջ մարդու դուրս գալու բոլոր յոյսերը վերացած են, եւ այդ իմաստով ոչ մէկ նշոյլ մնացած է:

Ան ընդգծեց, որ ամբողջութեամբ քանդուած շէնքին փլատակներուն 95 առ հարիւրը կրցած են վերացնել, սակայն առանց ողջ մարդ մը կամ դիակ մը գտնելու:

Իր կարգին, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու գործողութեանց բաժանմունքի տնօրէն Ժորժ Ապու Մուսա յայտնեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, Լիբանանի Կարմիր խաչը, ինչպէս նաեւ փրկարար աշխատանք տանող չիլիական եւ ֆրանսական խումբեր շարունակած են որոնողական աշխատանքը, սակայն յոյսերը գրեթէ փարատած են` ողջ մարդ գտնելու իմաստով:

Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան կը շարունակէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին կապուած հարցաքննութիւնները:

Անցեալ ուրբաթ օր հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապը հարցաքննելէ ետք, Սուուան կը պատրաստուի հարցաքննել հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախկին նախարարները:

Նշենք, որ նաւահանգիստին մէջ գործող քրէական փաստահաւաքներու ամերիկեան, ֆրանսական, չիլիական, իտալական եւ լիբանանեան խումբերուն տեղեկագիրները կը հասնին դատաւոր Սուուանի:

Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհուրդը բոլորին հետ կը գործակցի` ի մտի ունենալով մէկ նպատակի իրականացում:

Խէյր գնահատեց ճարտարապետներու սենտիքային աշխատանքը` զայն որակելով շատ օգտակար: Ան հաստատեց, որ վնաս կրողներուն եւ տուժողներուն համար կարեւոր է, որ անոնք վերադառնան իրենց բնակարանները, ապահով ըլլան եւ հատուցումներ ստանան:

Խէյր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կը կատարէ վնասներու գնահատումը եւ այդ մասին տեղեակ կը պահէ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը: Ան աւելցուց, որ հատուցումները պիտի կատարուին վնասներու գնահատումը ամբողջացնելէ ետք:

Մարդկային Իրաւունքներու Պատասխանատուները Կը Զգուշացնեն
Պէյրութի Մէջ Գործող Վերացական Կազմակերպութիւններէ

Լիբանանի մէջ Մարդկային իրաւունքներու դեսպան Ռոմանոս Ռաատ երէկ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, յատկապէս Պէյրութի աղէտի գօտիին մէջ ապրող բնակիչներուն զգաստ ու զգուշ ըլլալու եւ գործակցելու միայն այն հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք լիբանանեան իշխանութիւններուն մօտ պաշտօնապէս արձանագրուած են եւ կը գործեն բանակին ու պաշտօնական վարչութիւններուն հովանաւորութեամբ:

Ռաատ ընդգծեց, որ Պէյրութին եւ անոր շրջակայքին մէջ կան մեծ թիւով միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք կը գործեն քաղաքացիական ընկերութեան պիտակին տակ եւ կը շահագործեն ժողովուրդին ցաւն ու վիշտը, անձնական նպատակներ, ինչպէս` գողութիւն եւ խաբեբայութիւն իրագործելու համար:

Ռաատ անհրաժեշտ նկատեց, որ պաշտօնական եւ միջազգային կողմեր, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան խորհուրդներ օժանդակեն Պէյրութի աղէտի գօտիին մէջ գտնուող վնասուած ու տուժած քաղաքացիներուն` վերակառուցելու անոնց բնակարանները, նախքան ձմեռնամուտը:

 

 

 

Նախորդը

Հանիէ Այցելեց Սէյիտ Նասրալլայի Եւ Միւֆթի Տըրիանի

Յաջորդը

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Հետեւորդ Բջիջի Մը Անդամները, Որոնք Լիբանանի Մէջ Ահաբեկչական Գործողութեան Մը Կը Պատրաստուէին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?