Կիպրոսի ներքին գործոց նախարար Նիքոս Նորիս յայտնեց, որ կիպրական իշխանութիւնները 48 ժամէն Պէյրութ պիտի գործուղեն կիպրական պատուիրակութիւն մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ քննարկել Լիբանանէն ապօրինի կերպով Կիպրոս ուղղուող գաղթականներուն հոսքը եւ լաւագոյն միջոցներով կանխարգիլել այդ երեւոյթը:
Նորիս հաստատեց, որ վերջին քանի մը օրերուն Կիպրոս հասած են աւելի քան 5 նաւեր, որոնք 150 ապօրինի գաղթակայան փոխադրած են:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթավերջին Մինայէն 90 գաղթական լիբանանցիներ ապօրինի կերպով ուղղուած էին Կիպրոս եւ երէկ վերադարձած էին Լիբանան:
Կիպրոսի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձրագոյն խորհուրդի բանբերը «ԱՖՓ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նաւուն մէջ գտնուող ոեւէ գաղթական, որ ապաստան կը փնտռէ, պէտք է արտօնութիւն ստանայ այդ երկիրը մուտք գործելու եւ նուազագոյնը իրաւունք ունենայ, որ անոր թղթածրարը քննարկուի: