Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 19.480-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 527 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 525-ը` տեղացիներ, իսկ 2-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 183 պարագաներ մահացած են, իսկ 5592 ուրիշներ` ապաքինած:



