Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւֆթի Տըրիան. «Լիբանան Հայրենիքը Չի Կրնար Ապահովական Ապակայունութեամբ Եւ Տարբեր Շրջաններուն Մէջ Տարածուած Զէնքով Գոյատեւել»

Սեպտեմբեր 9, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆահմի յայտնեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն միջեւ արձանագրուող զինեալ բախումները, որոնց շարքին նաեւ նախանցեալ երեկոյեան Թարիք Ժտիտէի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները մերժելի են ու դատապարտելի:

Ֆահմի հաստատեց, որ ապահովական ուժերը իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ անմիջապէս կը միջամտեն այդ դէպքերուն եւ կը փորձեն շրջաններուն անդորրը վերականգնել ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանել:

«Ժողովուրդը յոգնած է այլեւս անմեղ զոհերու եւ վիրաւորներու ականատես ըլլալէ` Պէյրութի մէջ եւ անկէ դուրս իրենց զէնքին ետին պահուըտող անհատներուն բախումներուն պատճառով», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` վերջ տալու համար զինեալ բախումներուն եւ ձերբակալելու այդ բախումները սկսող եւ հրահրող կողմերը, որպէսզի Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատեն, ինչպէս նաեւ արգիլեն ամէն տեսակի բռնարարք, որ կ՛առաջնորդէ քանդումի, սպանութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան խախտումին:

Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան ցաւ յայտնեց Թարիք Ժտիտէի եղբայրասպան կռիւներուն համար եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ըլլալու գիտակից ու սադրանքներու զոհ չդառնալու:

Ան հաստատեց, որ ոչ մէկ հարց կարելի է զէնքով լուծել, այլ` հարցերը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է, որ սիրտերը կը հանգստացնէ եւ հոգիները կը խաղաղեցնէ:

«Վերջ տանք եղբայրասպան կռիւներուն եւ  միասնականութեամբ գործենք, համագործակցինք ու իրարու զօրակցինք, որովհետեւ Լիբանանը կարելի չէ անհակակշիռ զէնքով պահպանել: Լիբանան հայրենիքը չի կրնար ապահովական ապակայունութեամբ եւ տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած զէնքով գոյատեւել: Թող մեր զաւակները վերադառնան իրենց արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, որոնք միացնող են եւ ոչ թէ պառակտող», հաստատեց միւֆթի Տըրիան:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Թարիք Ժտիտէի «Կարաժ Տարուիշ» շրջանին մէջ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին զոհ մը եւ վիրաւորեցին երկու ուրիշներ:

Այս մասին լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ  Թարիք Ժտիտէի մէջ խումբ մը երիտասարդներ զինեալ բախումներու ընթացքին օգտագործած են «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր եւ գնդացիրներ, որոնց պատճառով արձանագրուած է զոհ մը եւ վիրաւորուած են երկու ուրիշներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ լիբանանեան բանակն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը ուղղուած են շրջան, հակակշիռի տակ առած կացութիւնը եւ ձերբակալած բախումներուն մաս կազմած կարգ մը երիտասարդներ:

Նախորդը

Ժոմպլաթ Հանիէի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

«Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Վտանգ Չկայ, Սակայն Պէտք Է Նախազգուշական Նորոգութիւններ Կատարենք» Շեշտեց Նաժժար

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?