Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ շուկային մէջ հսկողութիւնը պէտք է խստացնել:
Ան ըսաւ, որ պէտք է սկսիլ արշաւի մը` պետութեան կողմէ տրամադրուած ամէն տեսակի զօրակցութիւն պահելու նպատակով, այլապէս երկրին մէջ իսկական փորձանք պիտի ստեղծուի:
Ան կոչ ուղղեց յաւելեալ խստութիւն եւ հսկողութիւն բանեցնելու` ելեկտրածին շարժակներու սակերուն առումով:
Ասմար նշեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ նախանցեալ օր բռնկած հրդեհը կը հանդիսանայ դէպք մը եւ փորձանք մը, որ կ՛աւելնայ նախորդ աղէտներուն վրայ, որոնց հիմնական պատճառը անփութութիւնն է:
Ան կոչ ուղղեց Պէյրութի քաղաքապետարանին` յաւելեալ լրջութեամբ ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները: «Դէմ յանդիման կը գտնուինք տնտեսական, ընկերային եւ վարչական փորձանքներու` պատասխանատուներու անձնաւորութիւններու անհոգութեան իբրեւ հետեւանք», ըսաւ Ասմար: