Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 24.310-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 641 նոր պարագաներ, որոնցմէ 627-ը` տեղացիներ, իսկ 14-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ: Մահացած են 2 վարակուածներ` մահացողներուն ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 241-ի:
ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու 90 անդամներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Վարակուածներ կան նաեւ Ռումիէի բանտարկեալներուն եւ բանտին հսկող Ներքին ապահովութեան ուժերու շարքերուն մէջ: