Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ Կ՛աւարտէ Լիբանանի Մէջ Իր Դիւանագիտական Առաքելութիւնը

September 14, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան-ֆրանսական խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններու պահպանման նպատակով կատարած բոլոր ջանքերուն համար: Ապի Ռամիա դրուատեց դեսպան Ֆուշիէի առարկայական եւ անկեղծ իրատեսական մօտեցումը բոլորին նկատմամբ:

Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ֆրանսա երրորդ ընտրանք մը տուաւ Լիբանանին, ինչ որ լիբանանցիներուն մօտ նոր յոյսեր ստեղծեց այս դժուար փուլին, եւ անոնք ականատես եղան, թէ ինչպէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն միակն էր, որ մէկ ամսուան ընթացքին 2 անգամ Լիբանան այցելեց, ընդգծելով, որ նախագահ Մաքրոն կը ջանայ լիբանանցիներու հարցերուն լուծումներ գտնել, ներառեալ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային համաժողովի կազմակերպումը, որ նախատեսուած է հոկտեմբերին:

Իր կարգին, դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ նշեց, որ Լիբանան այժմ դժուար փուլ կը դիմագրաւէ, եւ յոյս յայտնեց, որ երկիրը օգտուի նախագահ Մաքրոնի կատարած քաղաքական նախաձեռնութենէն, որպէսզի վերականգնի: Դեսպանը ընդգծեց, որ ատիկա քաղաքական խմբաւորումներէն կ՛ենթադրէ պահանջուած բարեկարգումները իրականացնել:

Դեսպանը նշեց, որ հակառակ շրջանային բարդութիւններուն, կան կենցաղային հիմնական թղթածրարներ, որոնք առնչուած են միայն լիբանանցիներու կամքին եւ ճիշդ կառավարումին հետ: Ըստ անոր, կը պահանջուի կատարել հիմնական բարեկարգումները եւ ստանալ միջազգային ընտանիքի աջակցութիւնը:

Դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Լիբանանէն իրեն հետ պիտի տանի լիբանանցիները բնութագրող մշակութային եւ քաղաքական բազմազանութիւնն ու տարբերութիւնը` հակառակ բոլոր բարդութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Ուահապ. «Դաւադիր Է Կամ Միամիտ Այն Անձը, Որ Կառավարութիւն Մը Կը Պատկերացնէ Առանց Շիիական Քաղաքական Զոյգ Ուժերուն»

Յաջորդը

Պշարա Ռայի Պատրիարքը ՄԱԿ-էն Պահանջեց Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Նկատմամբ Հետաքննութիւն Պարտադրել

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.