Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ատիպի Եւ Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերու Պատասխանատուներու Հետ Կը Քննարկէ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Մանրամասնութիւններ

September 15, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին  նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները` Ատիպի կատարած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ:

Հանդիպումէն ետք Ատիպ յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունի այցելած է յաւելեալ խորհրդակցութեանց նպատակով:

Պատասխանելով նոր կառավարութեան ծնունդին մասին հարցումի մը` Ատիպ ըսաւ. «Բարին Աստուծմէ»:

Յետմիջօրէին նախագահ Աուն շարունակեց իր հանդիպումները լիբանանեան քաղաքական ուժերու պատասխանատուներուն հետ:

Անոնց շարքին էին Ազգային համախմբում պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն, Ղովմի կուսակցութեան նախագահ Ասաատ Հարտան, Խորհրդակցական հանդիպում պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ Մուսթաքպալ պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Սամիր Ժսըր:

Այսօր կէսօրէ առաջ նախագահ Աուն նոյն նպատակով պիտի շարունակէ երեսփոխանական մնացեալ պլոքներուն հետ իր հանդիպումները:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին հաղորդեց, թէ Ֆրանսա կը հաստատէ, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը խոստացած են կառավարութիւնը անյապաղ կազմել` պահանջելով, որ անոնք իրենց խոստումը գործադրեն առանց ուշացումի:

Նշենք, որ խորհրդարանի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Այն Թինէի վերագրուող բոլոր լուրերն ու տեղեկութիւնները, որոնք կառավարութեան կազմութեան կը վերաբերին, անճիշդ են:

Պէտք է աւելցնել, որ կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ:

Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, քանի մը օրուան այցելութեամբ ուղղուեցաւ Փարիզ:

ԱՒԵԼՑՆԵՆՔ, որ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ երէկ կէսօրէ ետք ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որ ինք կ՛առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ պատրաստ է հրաժարելու երեսփոխանի իր պաշտօնէն եւ ստանձնելու ելեւմուտքի նախարարութիւնը:

Նախորդը

Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանեան Բանակին Մղած Պայքարի Ուղիին Վրայ Կը Նահատակուին Չորս Զինուորներ

Յաջորդը

Նախարար Մնացականեան Եւ Եգիպտոսի Նախագահը Բարձր Գնահատեցին Հայ-Եգիպտական Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.