Տնտեսութեան եւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Ռաուլ Նաամէ եւ Ապպաս Մուրթատա երէկ միասնաբար ճշդեցին սննդեղէնի եւ տարբեր ապրանքատեսակներու բարձրագոյն սակը:
Անոնք շեշտեցին, որ այս որոշումով իրենք յանձնառու կը մնան քաղաքացիներուն շահերուն, անոնց գնելու կարողականութեան, սակերու կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ յայտարարուած սակերու զօրակցութեան:
Միացեալ որոշումին համաձայն, սննդեղէնի եւ կարգ մը ապրանքատեսակներու բարձրագոյն սակերն են.
ՀԱՒԵՂԷՆ
– 1 քկ հաւ 12.000 լ. ոսկի
– 1 քկ հաւու թեւ 11.000 լ. ոսկի
– 1 քկ հաւու տարբեր տեսականի 11.000 լ. ոսկի
– 1 քարթոն հաւկիթ (30 հատ) 12.500 լ. ոսկի
ՄՍԵՂԷՆ (թարմ)
– 1 քկ կովու միս 36.750 լ. ոսկի
– 1 քկ ոչխարի միս 40.950 լ. ոսկի
ՄՍԵՂԷՆ (սառած)
– 1 քկ կովու միս 30.000 լ. ոսկի
– 1 քկ կովու ֆիլէ 40.000 լ. ոսկի
– 1 քկ կովու ֆօ ֆիլէ 40.000 լ. ոսկի
– 1 քկ կովու մոզեթ 26.000 լ. ոսկի
– 1 քկ կովու անթրըքոթ 35.000 լ. ոսկի
– 1 քկ կովու քասթալեթթա 25.000 լ. ոսկի
Մէկ լիթր թարմ կաթը 1700 լ. ոսկի:
Նաամէ եւ Մուրթատա հաստատեցին, որ այս որոշումը պիտի գործադրուի յառաջիկայ երեք ամսուան համար` աւելցնելով, թէ այդ սակերուն արձանագրած խախտումի պարագային կարելի է բողոք արձանագրել: Անոնք հաստատեցին, որ ոչ մէկ այլ որոշում կրնայ հակադրուիլ միացեալ այս որոշումին բովանդակութեան:
Անոնք ընդգծեցին նաեւ, որ ներածողը, շուկային մէջ բաժնողն ու վաճառողը ուղղակիօրէն պատասխանատու են այս որոշումին գործադրութեան, եւ որեւէ խախտումի պարագային անոնց դէմ օրինական միջոցառումներու կը դիմուի` զանոնք փոխանցելով համապատասխան դատական ատեան: