Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 12, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց` կազմելու շտապի կառավարութիւն մը, որ յոյս կ՛առթէ` իրեն հանդէպ վերահաստատելու համար լիբանանցիներուն վստահութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, յատկապէս Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը: Քիւպիչ ընդգծեց անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու եւ բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ նաւահանգիստի հրդեհը լիբանանեան պետութիւնը մերկացուցած է եւ փաստած, որ պետութիւն գոյութիւն չունի: Ան նշեց, թէ այդ հրդեհը անհոգութեան եւ սխալներու կուտակումի հետեւանք է, որ Պէյրութի բնակիչներուն ջիղերուն ազդած է: Իր խօսքը ուղղելով պատասխանատուներուն` Արսլան ըսաւ. «Պատմութիւնը պիտի անիծէ ձեզ»:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ առանց քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ու հրշէջներուն քաջութեան, Պէյրութ նոր աղէտի մը դիմաց պիտի գտնուէր:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ ըսաւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան հարցով փաստերն ու իրականութիւնները թաքցնելու փորձեր կը կատարուին, եւ այդ պատճառով ալ փոքր պատասխանատուութեամբ պաշտօնեաներ պատասխանատուութեան պիտի կանչուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ անհրաժեշտ նկատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ հրդեհին պատասխանատուները բացայայտուին եւ պատժուին, որպէսզի անփութութիւնը, անտարբերութիւնն ու պետութեան քայքայումը վերջ գտնեն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իմատ Ուաքիմ դիտել տուաւ, որ ներկայ իշխանութեան նկատմամբ ո՛չ ներքին եւ ո՛չ ալ արտաքին վստահութիւն կայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործավար Ուէյն Տէյթընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանան երկիր մըն է, որուն դատական իշխանութիւնը, ապահովական կառոյցն ու վարչական համակարգը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը վերանորոգումի կարիք ունին: Ուահապ աւելցուց, որ շրջանառութեան մէջ են տեղեկութիւններ, թէ Ռումիէի բանտին մէջ «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուած մեծ թիւով արգելափակեալներ կան:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր ըսաւ, որ իրեն համար շրջանի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց նաեւ, որ Պաալպեքի մէջ առողջապահական կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները Լիբանանի վրայ գործուած յարձակումներ են:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 22,983-ի, Մահուան Պարագաներունը` 229-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 7606-ի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.