Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 24.857-ի, Մահուան Պարագաներունը` 246-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 8765-ի

Սեպտեմբեր 15, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 24.857-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 547 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 544-ը` տեղացիներ, իսկ 3-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 246 պարագաներ մահացած են, իսկ 8765 ուրիշներ` ապաքինած:

Նշենք, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւին արձանագրած աճը բնական է եւ անիկա հետեւանքն է երկրին մէջ բնականոն կեանքի վերադարձին:

Ան նշեց, որ «Քորոնա» ժահրը կայ եւ կը տարածուի, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ մեծ թիւով շրջանակներ առողջապահական օրէնքներուն ու նախազգուշութիւններուն յանձնառու չեն մնար, «նոյնիսկ քթակապ գործածելու եւ ընկերային հեռաւորութիւնը յարգելու իմաստով», հաստատեց նախարար Հասան:

Ան նկատել տուաւ, որ այնքան ատեն որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու իմաստով յանձնառութիւն չկայ, վարակուածներուն թիւը հետզհետէ աճ պիտի արձանագրէ: «Այս առումով կ՛ուզեմ ընդգծել, թէ առաւելագոյն չափով կը յարգեմ այն շրջանները, որոնք բծախնդրօրէն կը հսկեն նախազգուշութիւններուն», ըսաւ ան:

Հասան ընդգծեց, որ նախարարութիւնը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր ջանքերը բազմապատկելու, որպէսզի յառաջիկայ աշնան տիրելիք հաւանական կացութեան առաջքը առնէ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան հասարակութիւնը պատասխանատու է համաճարակը հակակշիռի տակ պահելու իմաստով եւ պէտք է կառչած մնայ նախազգուշական քայլերուն ու միջոցներուն:

«Լիբանանի մէջ 65 տարեկանէն վեր մարդոց մօտ «Քորոնա»-ի ժահրին պատճառած մահուան պարագաները համաշխարհային առումով 2,5 առ հարիւր աւելի նուազ են, իսկ անոնց 90 առ հարիւրը արդէն իսկ մահացու եւ անբուժելի հիւանդութիւններէ կը տառապին», հաստատեց Հասան:

Ան նկատել տուաւ, որ աշնան «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը աւելի եւս աճ պիտի արձանագրէ, որովհետեւ անիկա պիտի միախառնուի եղանակային կրիփի ալիքին:

Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կեանքը բնականոն ընթացքով պիտի շարունակուի, բայց եւ այնպէս բոլորէն պահանջուած է պէտք եղած նախազգուշութիւններուն դիմել:

Համատ Հասան նկատել տուաւ, որ Ռումիէի բանտին մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու մասին նախարարութիւնը յստակ ծրագիրներ ունի` աւելցնելով, որ կան երկու հիւանդանոցներ, որոնք ամբողջութեամբ սարքաւորուած են հիւանդները ընդունելու եւ պէտք եղած խնամքը տրամադրելու, ինչպէս նաեւ կայ շէնք մը, որ պիտի ծառայէ մեկուսացուող պարագաներուն համար:

Հասան ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի սեփական հիւանդանոցները ազգային եւ մարդասիրական անկարողութիւն ցուցաբերած են եւ անոնք շահեր ապահովելու ներդրումներ են:

«Տագնապի ընթացքին անոնք ոչ մէկ ձեւով պատրաստ են իրենց հայրենիքին ծառայելու, իսկ կառավարական հիւանդանոցները իրենց կարողականութեան թափը կը բարձրացնեն եւ ամէն ձեւով կը ծառայեն քաղաքացիներուն` ելեւմուտքի նախարարութեան հետ գործակցաբար», շեշտեց Հասան:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Ուաշինկթըն Խոցեց Թուրքիոյ Վարկը

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?