Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Երեւութապէս Տեղքայլի Մթնոլորտին. Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին Մէկէ Աւելի Մակարդակներու Վրայ

Սեպտեմբեր 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան գծով ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ մօտերս, գէթ յառաջիկայ շաբաթներուն, գործնական քայլեր չեն նախատեսուիր՝ սպասելով Ֆրանսայի
նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ճշդած ժամկէտի աւարտին՝ նոյեմբերի կէսերուն, երբ արդէն յստակացած կ’ըլլայ ամերիկեան նախագահական ընտրութեան արդիւնքը: Այսուհանդերձ, նշեալ ժամանակէն օգտուելու եւ շուտափոյթ լուծման յանգելու մտադրութեամբ ճիգերը կը շարունակուին մէկի աւելի մակարդակներու վրայ՝ բացայայտօրէն թէ քուլիսներու ետին:

Այս իմաստով հոկտեմբերի վերջերը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Լիբանան տալիք այցելութեան նախապատրաստական քայլերու ծիրին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Միջին Արեւելքի հարցերու ներկայացուցիչ Միխայէլ Պոկտանով վերջին 48 ժամերուն տեսակցեցաւ լիբանանցի զանազան պատասխանատուներու հետ, ինչպէս՝ արտաքին գործոց նախարարին, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:

Ամերիկեան «ճակատ»-ի վրայ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըր իր կարգին կը ծրագրէ մօտիկ ապագային Լիբանան այցելել եւ սեղանի վրայ դնել իր «թելադրանք-պահանջները»: Միաժամանակ, լիբանանեան ծագումով ամերիկացի ծերակուտական Ճէյն Շահին առաջարկ մը ներկայացուցած է Նիւ Հեմբշայր նահանգին մէջ՝ Լիբանանը զերծ պահելու «Սեզար»-ի ամերիկեան պատժամիջոցներէն: Նախընթաց հանդիսացող այս քայլը կրնայ «փրկել» լիբանանցի որոշ պատասխանատուներ՝ անոնց սպառնացող ելեւմտական գայթակղութեանց բացայայտումէն:

 

Իր կարգին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ նախագահ Աունէն ետք՝ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ այլ պատասխանատուներու: Այս այցելութիւնները առիթ եղան խորհրդակցելու ֆրանսական նախաձեռնութեան յաջողութեան հաւանականութեան ու այս գծով առնուելիք քայլերուն շուրջ:

Արաբական առումով եւս «իրաւարար» ճիգերը կը շարունակուին: Այս գծով ուշագրաւ էր Եգիպտոսի դեսպանին խորհրդակցութիւնները լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս՝ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ուրիշներ:

Նաեւ՝  Ներքին Ճակատի Վրայ

Արտաքին կողմերու նշեալ քայլերուն կողքին, հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին նաեւ լիբանանեան մակարդակի վրայ, ուր նախագահ զօր. Միշել Աուն չէ դադրեցուցած իր կապերը զանազան կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ՝ փորձերով լուծման յարմարագոյն տարազի ենթահողը պատրաստել, նախքան նշեալ ժամկէտներու աւարտը:

Նմանապէս հաղորդակցութիւնները «աշխուժ» են հոգեւոր պետերուն միջեւ: Այս իմաստով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ, ուր խօսակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրի ընդհանուր իրավիճակն ու խնդրայարոյց տեսակէտներու մերձեցման ու համախոհութեան կարելիութիւնները:

 

 

 

 

Նախորդը

Վերահաստատելով Ֆրանսական Նախաձեռնութեան Իր Զօրակցութիւնը . Սէյիտ Հասան Նասրալլա Անդրադարձաւ Ընդհանուր Իրավիճակին

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Շփման Գիծի Երկայնքին Աւելի Շատ Դէտեր Ներգրաւեն Եւ Ռուսիոյ Կոչ Ուղղեն՝ Դադրեցնելու Անպատկառօրէն Երկու Կողմերուն Զէնքի Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Պայտըն

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?