Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Թարեք Խաթիպ երէկ պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելեց Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատան նստավայրը` Եարզէի մէջ, ուր տեսակցեցաւ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութեանց վերաշխուժացումը` տիրող տեղական թէ շրջանային իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ առաքուած պատուիրակութիւնը այս առիթով շեշտեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնն ու նպաստը` ի շահ երկու երկիրներուն:
Իր կարգին, դեսպան Ալի ողջունեց Սուրիոյ եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ համերաշխ գործակցութիւնը եւ երկու երկիրներու բանակներուն միատեղ ճակատումը ընդդէմ ահաբեկչութեան ու երկու պետութեանց սպառնացող վտանգներուն: