Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Կողմերու Խոստացած Համագործակցութեան Պատրաստակամութեան. Մուսթաֆա Ատիպ Հրաժարեցաւ Կառավարութիւնը Կազմելու Պարտականութենէն

September 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ կողմերուն ցուցաբերած գործակցութեան պատրաստակամութեան՝ նշանակեալ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ շաբաթ օր Պաապտայի մէջ նախագահ Աունի հետ իր 6-րդ հանդիպումին  ընթացքին անոր յայտնեց իր հրաժարիլը կառավարութիւնը կազմելու պարտականութենէն: Քաղաքական պատկան շրջանակներ ցաւ յայտնեցին «կորսուած առիթին համար»: Այլ կողմեր պատասխանատու նկատեցին նոյնինքն Մուսթաֆա Ատիպը, որ կը խուսափէր խորհրդարանական եւ կուսակցական կողմերու հետ խորհրդակցելէ՝ նախարարներու ինքնութեան որոշումին համար:

Ըստ այդ կողմերու մօտիկ աղբիւրներուն, «կարելի չէ երկիրը յանձնել այնպիսի մարդոց, որոնց ինքնութեան եւ քաղաքական արեւելումին ծանօթ չենք»: Փաստօրէն երկիրը կը գտնուի ներքին թէ արտաքին անխուսափելի իրագործումներու ժամկէտներու սեմին, ինչ որ լուրջ մարտահրաւէրներ կը յառաջացնէ նորակազմ կառավարութեան դիմաց: Խորքին մէջ, խորհրդարանական եւ ապա նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններու ժամկէտները, լիբանանեան ջուրերէն նաւթի արտաբերման եւ անոր Լիբանանի տնտեսութեան հայթայթելիք ներդրումի հաւանականութիւնը՝ իսրայէլեան ընչաքաղց ոտնձգութիւններու սպառնալիքի լոյսին տակ, քանի մը ամիս ետք Իսրայէլի հետ հարաւի սահմանագիծի ճշդումին մասին արտաքին տեղեկութիւնները անխուսափելի մարտահրաւէրներ են լիբանանեան քաղաքական ընտրանիին դէմ ցցուած:

Այս բոլորը ներքին ճակատի ապրուստի, առողջապահական, ընկերային եւ ապահովական մտահոգութիւններու կողքին հաշիւներ են, զորս առանցքային դեր ունին կողմերու կեցուածքներու դրսեւորման մէջ: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ ըստ «Օ. Թի.Վի» կայանի աղբիւրներուն,  նախագահ Աուն անցնող ուրբաթ օր կապի մէջ եղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, նախքան նշանակեալ վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպի հրաժարականի յայտարարութիւնը:

Ատիպի հրաժարականէն ետք հաւաստի աղբիւրներ անհաւանական կը նկատեն խորհրդարանական շուտափոյթ խորհրդակցութիւններ՝ նախընտրելով դահլիճի լրիւ կազմին շուրջ քուլիսային համախոհութեան հաստատումէն ետք յայտարարել կառավարութեան կազմութիւնը: Այլ աղբիւրներու կարծիքով՝ հրաժարած կառավարութիւնը կրնայ շարունակել իր ընթացաւարտ աշխատանքները մինչեւ նախագահ Աունի պաշտօնավարութեան աւարտը: Իսկ ըստ «Ար.Թի» («Ռաշա թուտէյ») կայքին,  Ֆրանսայի նախագահն ու Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը խորհրդակցած են լիբանանեան «թնճուկին» լուծում գտնելու մասին՝ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջոցով: Սակայն այս հաւանականութիւններու ճակատագիրը վճռող կեցուածքը եկաւ դարձեալ Ֆրանսայէն, ուր նախագահ Մաքրոն յատուկ այս մասին անդրադառնալով երէկ երեկոյեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը:

Նախորդը

Դատապարտելով Բանակին Դէմ Գործուած Յարձակումները՝ Յակոբ Բագրատունի. «Ահաբեկչութիւնը Դարձեալ Թիրախ Ունի Հայրենիքի Գերիշխանութիւնն Ու Մարդոց Ապահովութիւնը»

Յաջորդը

Մէկուկէս Ամսուան Նոր Ժամկէտ Ճշդելով՝ Նախագահ Մաքրոն. «Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնը Չէ Դադրած Եւ Պիտի Շարունակուի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.