Խորհրդարանը երէկ` չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբերին սկսաւ գումարել իր երկօրեայ նիստը` մասնակցութեամբ երեսփոխաններու օրինական մեծամասնութեան:
Խօսք առնող երեսփոխաններու կարծիքներու փոխանակումէն ետք ժողովականները վաւերացուցին կարգ մը հրատապ ու կարեւոր օրինագիծեր, որոնք հանրապետութեան նախագահին կողմէ վաւերացուելէ եւ ստորագրուելէ ետք կը դառնան ի զօրու:
Այս իմաստով վաւերացուեցաւ «Ուսանողի տոլար»-ին օրինագիծը, ըստ որուն, արտասահման ուսանողներու ծնողներ պիտի կարենան կրթական 2020-2021 տարեշրջանին համար տաս հազար տոլարի գումար ղրկել իրենց զաւակներու ուսման համար` տոլարին գինը հաշուելով 1515 լիբ. ոսկիէն: Այս որոշումէն կրնան օգտուիլ նաեւ դրամատուներուն մէջ տոլարի հաշիւ չունեցողներ:
Փտածութեան գծով ի վերջոյ պիտի վերացուի երեսփոխաններու եւ նախարարներու գծով կիրարկուող անձեռնմխելիութեան կարգավիճակը: Այլ խօսքով` դատական պատկան մարմիններ իրաւասութիւն կ՛ունենան հաշուետուութեան կանչելու երկրի բարձրաստիճան պատասխանատուները` իրենց կուտակած նիւթական հարստութեան աղբիւրներուն գծով: Այս հարցը որոշ թիւրիմացութիւն ստեղծեց պատասխանատուներուն մօտ: Արդարեւ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խորհրդարանի այս քայլը կարեւոր իրագործում նկատեց փտածութեան վերացման գծով, իսկ միւս կողմէ երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, թէ ոեւէ պատասխանատուի հարցաքննութեան կանչուելէն առաջ պէտք է առնուի անոր պատկանած կամ պաշտօնավարած հաստատութեան կամ կազմակերպութեան հաւանութիւնը:
Միւս կողմէ, ժողովականները վաւերացուցին արգելափակեալի իրաւունքը` հարցաքննութեան ընթացքին իր պաշտպան փաստաբանին ներկայութեան: Այլ խօսքով` բանտարկեալը իրաւունք կ՛ունենայ չներկայանալու հարցաքննութեան սենեակ` առանց իր պաշտպան փաստաբանի ներկայութեան: Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մլհեմ Խալաֆ այս քայլը նկատեց «յաղթանակ` մարդկային իրաւանց ծիրին մէջ»:
Համաներումի Օրէնքին Քննարկումը Յետաձգուեցաւ
Խորհրդարանի յետմիջօրէի նիստին ներկաներու մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստը յետաձգեց 20 հոկտեմբեր 2020-ին:
Օրակարգի վրայ եղող երկար սպասուած բանտարկեալներու համաներումի օրինագիծին որոշումը յետաձգուեցաւ: Այս գծով սակայն կազմուեցաւ խորհրդարանական ենթայանձնախումբ մը, որ մինչ այդ պիտի փորձէ հակադիր տեսակէտներուն միջեւ հասարակաց եզրեր գոյացնել: Այս ծիրին մէջ նշեալ յանձնախումբի անդամներէն Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ «յանձնախումբը գիշեր-ցերեկ պիտի աշխատի եւ յաջողցնէ այնպիսի դասաւորումներ, որոնք առիթ պիտի տան հարիւրաւոր բանտարկեալներու ազատ արձակումին` նոյնիսկ առանց պէտք ունենալու համաներումի որոշումին:
Մինչ այդ, լիբանանեան զանազան բանտերու մէջ արգելափակեալներու ընտանեկան պարագաներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, օդակայանի ճամբուն, Թրիփոլիի Ապի Սամրա հրապարակին վրայ ու քաղաքապետարանին կից բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին ու որոշ ժամանակով փակեցին նշեալ ճամբաները` պահանջելով համաներում շնորհել իրենց զաւակներուն եւ կանխարգիլել անոնց «Քորոնա» ժահրով վարակումի հաւանականութիւնը: