Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային-Տնտեսական Ու Առողջապահական Մարզերու Վիճակին Շեշտուող Վատթարացման Լոյսին Տակ. Քուլիսային Շփումներ` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Սեպտեմբեր 26, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան մարտահրաւէրը երէկ դարձեալ առանցքը կազմեց տարուող քաղաքական ճիգերուն, ուր հրամայական պահանջ դարձած էր նոր կառավարութեան կազմութեան իրագործումը` նախքան փոխանցուած ժամկէտներու աւարտը:  Արդարեւ, նշանակեալ վարչապետ Մուստաֆա Ատիպ, մէկէ աւելի ժամկէտներու միջեւ կը փորձէ կառավարական յարմարագոյն տարազով ներկայանալ լիբանանցիներուն: Այս ծիրին մէջ, մէկ ձեռքին հրաժարականը, միւս ձեռքին կառավարութեան կազմերու տարբեր սեւագիրները` Ատիպ երէկ երկու անգամ, առաւօտեան եւ յետմիջօրէին, այցելեց Պաապտայի պալատ, առանց սակայն գործնական շօշափելի արդիւնքի, եւ ձեռնունայն վերադարձաւ, նոր ժամկէտ խոստանալով այսօր, շաբաթ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` ներկայացնելու իր ցանկը կամ հրաժարելու: Փաստօրէն, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան յայտնեց, թէ գիշերուան ընթացքին սերտ ճիգեր եւ խորհրդակցութիւններ պիտի կայանան, եւ եթէ այսօր մերժուի Ատիպի ներկայացնելիք կառավարութեան ցանկը` ան պիտի հրաժարի: Այլ խօսքով, ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին կայացած մարաթոնային խորհրդակցութիւնները պիտի վճռեն կառավարութեան ճակատագիրը, որուն գծով գրեթէ բոլոր կողմերը համամիտ են դրական արդիւնքի յանգելու, յատկապէս` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան լոյսին տակ:

Նաեւ` Արտաքին Պնդումներ

Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատուի նաեւ արտաքին կողմերու համար, որոնք նոյնպէս քուլիսային խորհրդակցութիւններով կ՛ուզեն փութացնել այս խիստ կարեւոր մարտահրաւէրը: Մարտահրաւէր, որ հակառակ պարագային կը սպառնայ նոյնինքն երկրի գոյութեան, ինչպէս զգուշացուցած էր օրին Ֆրանսա: Արդարեւ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մնայուն կապի մէջ է լիբանանեան պատկան կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ` թախանձագին թելադրելով փութացնել կառավարութեան կազմութիւնը, «նախքան ուշ ըլլալը»: Խորքին մէջ, շրջանային քաղաքական իր հեռանկարներու իրագործման կողքին Ֆրանսա նաեւ ջատագով է Լիբանանի յատկապէս տնտեսական վերականգնումին եւ այս գծով ան խոստացած է «Սետր»-ի թէ այլ ծրագիրներու ֆինանսաւորումը` փոխարէնը  պահանջելով խոստացուած բարեկարգումներուն իրագործումը: Հոսկէ` Ֆրանսայի վճռական կեցուածքը նշանակեալ վարչապետի առաքելութեան դիւրացման գծով եւ անոր մերժողական կեցուածքը Ատիպի հրաժարման հաւանականութեան առնչութեամբ:

Ապրուստի Մարզը` Ահազանգային Վիճակի Մէջ

Արդարեւ, տեղական առումով լիբանանցիք զանազան շրջաններու մէջ բողոքի ձայներ բարձրացուցին` պահանջելով հրատապ հարցերու լուծման բանալի քայլ նկատուող կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը: Փաստօրէն, ապրուստի եւ տնտեսական պայմանները հետզհետէ կը վատթարանան` կարգ մը սննդեղէններու սակագիներու յաւելման մասին տեղեկութիւիններու լոյսին տակ: Նմանապէս, ելեւմտական իմաստով Կեդրոնական դրամատան նիւթական զօրակցութեան վերացման «խոստում»-ի լոյսին տակ կարգ մը տնտեսագէտներու «մեկնաբանութիւնները» կը գուժեն լիբանանեան թղթոսկիի յաւելեալ արժեզրկումը: Աւելի՛ն, նշեալ զօրակցութեան վերացման կիրարկումով մտավախութիւնները կը սաստկանան յատկապէս վառելանիւթի եւ ելեկտրածին շարժակներու բաժնեգիներուն գծով, որոնք, ըստ նշեալ տնտեսագէտներուն` կրնան հասնիլ մինչեւ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի սահմանը: Կարգ մը վաճառականներ ստիպուած եղած են իրենց կանաչեղէները, բանջարեղէններն ու պտուղները հատավաճառով սպառելու` տրուած ըլլալով, որ լիբանանցիք անկարող են սովորական կշռոյթի սակագինը վճարելու:

Նմանապէս, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին սաստկացումն ու տարածումը առաւել եւս կը մտահոգէ լիբանանցիները կրթական վերամուտի սեմին, եւ ծնողներ շուարած են գրենական պիտոյքներու սղաճին եւ առողջապահական վտանգին միջեւ` իրենց զաւակներու կրթական ճակատագիրին գծով:

 

Նախորդը

Աննախընթաց Մրցանիշ Կտրելով` «Քորոնա» Ժահրը Կը Վարակէ 1143 Պարագայ Եւ Կը Պատճառէ Չորս Մահ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Չ՛արտօներ Վրացահայերուն Պատկանող Ապրանքները Իր Տարածքին Ճամբով Մտցնել Վրաստան

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?