Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եռօրեայ Սուգ Յայտարարելով՝ Լիբանան Կորսնցուց Բարերար Բարեկամ՝ Քուէյթի Իշխան Շէյխ Սապահ Ահմատ Ժապեր Սապահը

Սեպտեմբեր 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթի իշխան շէյխ Սապահ Ահմատ Ժապեր Սապահը երէկ մահացաւ, 91 տարեկանին: Անոր մահը տխրութեան եւ ցաւակցութեան լայն ալիք յառաջացուց իր սիրելիներուն եւ բարեկամներուն մօտ:

Լիբանանի մէջ պաշտօնական, կուսակցական թէ հոգեւոր բազմաթիւ ղեկավարներ խոր յուզմունքով գուժեցին անոր կորուստը՝ դրուատելով յօգուտ Լիբանանին անոր եղբայրական կեցուածքները:

Հանրապետութեան նախագահ, զօրավար Միշել Աուն երէկ գուժեց Քուէյթի իշխանին մահը՝ նշելով, որ ան Լիբանանի աւագ եղբայր էր եւ Լիբանանի կողքին կանգնած էր անոր դժուար պայմաններուն մէջ, նորոգելով շատ մը գիւղեր ու քաղաքներ:

Հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ ցաւ յայտնեց Քուէյթի իշխանին մահուան առիթով եւ շրջաբերականով մը եռօրեայ պաշտօնական ընդհանուր սուգ յայտարարեց Լիբանանի մէջ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նմանապէս գուժեց շէյխ Սապահ Ահմատ Ժապեր Սապահի մահը՝ դրուատելով Լիբանանի մատուցած անոր բազմաթիւ ծառայութիւնները:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեց մեծ բարեկամի մը կորուստին համար, որ «ոսկիէ տառերով գրեց արաբական պատմութիւնը»:

Նմանապէս նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միլաթի եւ Թամմամ Սալամ գուժեցին Քուէյթի իշխանին մահը՝ բարձր գնահատելով անոր արժանիքներն ու Լիբանանին  ի նպաստ կեցուածքները:

 

Նախորդը

Նորանոր Դժուարութիւններու Լոյսին Տակ. Քորոնա Ժահրը Վարակեց 1105 Պարագայ Եւ Պատճառեց Հինգ Մահ

Յաջորդը

Արցախի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանական Յարձակումներուն Անդրադառնալով՝ Վարդինէ Օհանեան. «Ազատ Աշխարհի Պետութիւններ Պարտին Զօրավիգ Կանգնիլ Իրաւունքին Եւ Արդարութեան»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?