Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Հոգերով Ու Խոցերով` Լիբանան Առանցքային Խաղաքարտ Արտաքին Կողմերու Միջեւ

September 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանան կը շարունակէ տապլտկիլ իր ապրուստի, տնտեսական, առողջապահական, ապահովական, ընկերային ու քաղաքական հարցերու կծիկներուն մէջ: Այս բոլորի լուծման խրթին փորձերուն գինը կը վճարէ քաղաքացին` ի հեճուկս իր օրապահիկին, առողջութեան եւ ապագայի տեսլականի իրագործման կարելիութեան:

Փաստօրէն, հակառակ լիբանանեան կարգ մը կողմերու պնդած վարկածին` Լիբանանը հեռու պահելու շրջանի հարցերու «լուծման ծուղակներէն» եւ ինքնաբաւ գոյատեւելու,  արտաքին կողմերու ներկայացուցիչներ իրե՛նք ինքնակոչ միջամուխ կը դառնան Լիբանանի հարցերուն, իւրաքանչիւրը մեկնելով շրջանի, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ ազդեցութեան գօտիի «ոտնահետքեր» հաստատելու եւ պահելու հեռանկարներէն: Այլ խօսքով, անոնցմէ ոչ մէկ կողմ Լիբանանի «սեւ աչքերու սիրոյն» կ՛ուզէ նիւթական օժանդակութեան յատկացումներ կամ խոստումներ կատարել:

Այս իմաստով ցուցանիշ է օրինակ` վերջերս քողազերծուած ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին խոստովանութիւնը, թէ տասը միլիառ տոլարի յատկացում կատարուած է Լիբանանի ընդդիմադիր ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն, կարիքաւորներու ու այլ պէտքերու` միաժամանակ խոստանալով 21 միլիառ տոլարի նոր օժանդակութիւն կատարել «ժողովրդային շարժում»-ին պահանջած բարեկարգումներու իրագործման:

Տարբեր չէ Ֆրանսայի պարագան, որ կը խոստանայ «ձերբազատել» «Սետր»-ով խոստացուած նիւթական յատկացումները եւ յաւելեալ օժանդակութիւններ հայթայթել միջազգային բարերարներու կողմէ, որոնց նորագոյն մէկ ելեկտրոնային հանդիպումը կը նախատեսուի յառաջիկայ հոկտեմբերին: Աւելի՛ն. շրջանային թէ միջազգային բարձրաստիճան ղեկավարներ մօտերս կը սպասուին Լիբանան, անոնք քուլիսային թէ բացայայտ հաղորդակցութիւններով պիտի  փորձեն ճշդել Լիբանանի աշխարհաքաղաքական դիրքը  Միջին Արեւելքին համար ծրագրուող նոր  դասաւորումին մէջ: Այլ խօսքով, Լիբանան իր աշխարհաքաղաքական դիրքի կարեւորութեան բերումով եւ իր այլազան հոգերու լուծման պիտակին տակ  խթան հանդիսացած  ու առանցքային խաղաքարտի վերածուած է շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու ձեռքին:

Այս բոլորի լոյսին տակ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան թնճուկը տակաւին կը մնայ անլոյծ, եւ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, կրնայ այդպէս շարունակել, սպասելով միջազգային ժամկէտներու իրագործման, ինչպէս` ամերիկեան նախագահական ընտրութիւնները եւ նոր նախագահի որդեգրելիք քաղաքական վարքագիծը: Այլ աղբիւրներ կը նախատեսեն հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան վերաշխուժացումը` մինչեւ արտաքին պատկերներու յստակացումը: Իսկ ուրիշներ աւելի յոռետես են եւ կը խորհին կացութեան տեղքայլն ու ժողովրդային ցասումի սաստկացումը տարբեր վայրերու մէջ, առաւել եւս բարդացնելով երկրի ապրուստի պայմանները:

Սպասելով Մաքրոնի, Լաւրովի եւ Շենքերի մօտալուտ ժամանումներուն` որոշ պարզաբանում մը կարելի է սպասել այսօր երեկոյեան նախատեսուող այն պատգամէն, որ պիտի արտասանէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Եթէ Պարտուինք` Ատիկա Կ՛ըլլայ Հայոց Պետականութեան Կործանում Եւ Նոր Ցեղասպանութիւն, Զորս Թոյլ Պիտի Չտանք Պատմութեան Եւ Աստուծոյ Առջեւ»

Յաջորդը

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Հարցը Լուծելու Դիւանագիտական Միջոցներով»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.