Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Գծով Թուրք-Ազրպէյճանական Սադրանքները Դատապարտող Եւ Հայութեան Զօրակցող Լիբանանեան Կեցուածքներ

Հոկտեմբեր 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի հերոսամարտին գծով լիբանանեան զանազան շրջանակներ եւ անձնաւորութիւններ կը շարունակեն դատապարտել թուրք-ազրպէյճանական հակահայ յարձակումներն ու սադրանքները` զօրակցութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդին:

Երեսփոխան Անթուան Փանօ իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կատարած գրառումով դատապարտեց յարձակումները` զօրակցութիւն յայտնելով պայքարող հայ ժողովուրդին, որ կը կազմէ Արցախի բնակչութեան 95 առ հարիւր համեմատութիւնը:

«Գաղութարար եւ ծաւալապաշտ Օսմանեան կայսրութեան վերակենդանացման երազը կը տրորէ Թուրքիան` Կիպրոսի եւ Լիպիոյ մէջ եւ այլուր: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ` հայ ժողովուրդին դէմ վերանորոգուող բռնարարքներով տագնապի մը շուրջ, զոր Պաքու Անգարայի զօրակցութեամբ հրահրեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ», կ՛ընդգծէ երեսփոխան Փանօ` «Թուիթըր»-ի իր գրառումով:

Լիբանանցի ծանօթ երգչուհի Էլիսա իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայերուն` «արժանի են խաղաղութեան եւ գերիշխանութեան» գրելով դիմատետրի իր էջին վրայ:

Լիբանանցի նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ ողջունեց գոյատեւող ու թրքական ծաւալապաշտ ախորժակներուն դէմ տոկացող հայ ժողովուրդը, որ դասեր կու տայ տագնապներէն վեր կանգնելու եւ անցեալի ջարդերը հերքող բռնատէրերը դիմակալելու խիզախութեան: Լահուտ Թուրքիոյ կեցուածքը անտրամաբանական եւ հակակշիռէ դուրս որակեց` զայն նկատելով Արցախի դէպքերու գլխաւոր պատասխանատու: Այս մասին հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ Լահուտ մօտալուտ նկատեց Թուրքիոյ նախագահին վերջաւորութիւնը, այնպէս ինչպէս վերջ գտած էր Օսմանեան կայսրութիւնը: Լահուտ դատապարտեց Թուրքիոյ սանձարձակ ոտնձգութիւնները` Յունաստանի եւ Արցախի գծով, ուր ան վարձկան ահաբեկիչներով կը փորձէ հետապնդել իր պատմական ծաւալապաշտ ախորժակները:

 

Քաղաքական վերլուծաբան Ասաատ Ապու Խալիլ բազմաթիւ անգամներ կրկնած է «Արցախ եւ ոչ Լեռնային Ղարաբաղ» արտայայտութիւնը` դիմատետրի իր էջին վրայ փորձելով ամրագրել ու հաստատել Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը:

Դերասան Եուսեֆ Հատտատ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով կ՛ըսէ. «Մենք տառապեցանք վայրի թշնամիի գրաւումէն ու յարձակումէն, բայց կրցանք յաղթել. դուք ալ պիտի կարենաք յաղթել` շնորհիւ ձեր միասնութեան եւ իրաւունքի ուժին»: Ան Հայաստանը կը նկարագրէ իբրեւ հաւատքի եւ սրբութեան հող, խաղաղութեան, միտքի եւ մշակոյթի երկիր, բարիքի, համեստութեան եւ համերաշխութեան հող, որ երբեք չի կքիր` շնորհիւ իր  պաշտպան Յիսուսին եւ քաջարի զինուորներուն ու ժողովուրդին:

Լիբանանցի լրագրող, քաղաքական մեկնաբան Ղասսան Ժաուատ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը կ՛որակէ ցեղային ու քաղաքական բնոյթով եւ ոչ իբրեւ կրօնական տագնապ: Ըստ անոր, Իրան չէզոք կեցուածք կը ցուցաբերէ, եւ հայեր կ՛ըմբռնեն անոր այս կեցուածքը:

Ասորական Խապուրի պահապաններու խորհուրդը  բարոյական, սրտանց, ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ հայ ժողովուրդին: «1915-ին մեր արիւնները շաղախուեցան օսմանցի թշնամիին ձեռամբ, եւ այսօր Արցախի Հանրապետութիւնն ու առհասարակ Հայաստանը յարձակումի կ՛ենթարկուին Ազրպէյճանի կողմէ: Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին` ընդդէմ Ազրպէյճանին եւ անոր աջակիցներուն», կը նշուի խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Քորոնա» Համավարակը Կը Շարունակէ Իր Սրընթաց Սլացքը

Յաջորդը

Համաներումի Օրէնքի Քննարկումը 20 Հոկտեմբերին Յետաձգելով` Խորհրդարանը Վաւերացուց Կարգ Մը Հրատապ Օրինագիծեր

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?