Գահիրէի Մէջ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Արաբական Սկաուտական Կեդրոնատեղին
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Եգիպտոս: Վ. Օհանեան-Գէորգեան Գահիրէի մէջ այցելեց Արաբական սկաուտական կեդրոնատեղին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի սկաուտական համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան, որուն կը նախագահէր համադաշնակցութեան նախագահ Եուսեֆ Խատտաժ: Այս առիթով Արաբական սկաուտական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ամրօ Համտի ներկայացուց կազմակերպութեան գործադրելիք ապագայ ծրագիրը, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին ընթացքին Արաբական սկաուտական կազմակերպութեան եւ արաբական սկաուտական միութիւններուն...



















