Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըլհեմ Խալաֆ Ազգային Փրկութեան Նախաձեռնութիւն Մը Ներկայացուց Միւֆթի Տըրիանի, Շէյխ Խաթիպի Եւ Շէյխ Հասանի

October 28, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ երէկ այցելեց իսլամ հոգեւոր պետերու, որոնց ներկայացուց իր եւ ազատ արհեստի սենտիքաներուն, ինչպէս նաեւ 11 համալսարաններու նախագահներու կողմէ պատրաստուած ազգային փրկութեան նախաձեռնութիւնը:

Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց Խալաֆը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ միւֆթիին ներկայացուցած է ամբողջական նախաձեռնութիւնը, որուն գործադրութիւնը պիտի ըլլայ փուլային:

Խալաֆ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին, որ երկրին իշխանութիւնները վերակառուցուին եւ վերակազմակերպուին` աւելցնելով, որ հիմնական նպատակը պէտք չէ կառավարութեան կազմութիւնը ըլլայ, այլ` հայրենիքին փրկութիւնը:

Խալաֆ այցելեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի:

Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Խաթիպ ընդգծեց Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեկարգումները իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանը իր կուտակուած տագնապներէն դուրս բերելու, պետութեան նկատմամբ քաղաքացիին վստահութիւնը վերականգնելու եւ քաղաքացիութեան ըմբռնումը ամրապնդելու նպատակով:

Շէյխ Խաթիպ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը հայրենիքը պաշտպանած է եւ բռնագրաւուած հողերը ազատագրած` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը օր մը օրանց պետութեան հիմնումին ու պետական հաստատութիւններուն բարգաւաճման արգելք չէ հանդիսացած:

Իր կարգին, Խալաֆ յայտնեց, որ Խաթիպին ներկայացուցած է նախաձեռնութիւնը, որ կը միտի Լիբանանը իր ներկայ տագնապէն դուրս բերել:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան ընդունեց Խալաֆը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին ան կոչ ուղղեց կազմելու փրկութեան իսկական կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունի բարեկարգումները գործադրելու` ազգային առաջնահերթութիւններուն համաձայն:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Հըզպալլայի Դէմ Յատուկ Մարզումներու Կեդրոն Մը Կառուցած Են

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. Եռակողմանի Արտակարգ Նիստ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.