Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերու զինումին մասին կատարուած բոլոր յայտարարութիւնները սուտ են` աւելցնելով, որ ո՛վ որ տուեալներ ունի այդ մասին, ապա պէտք է զայն շօշափելի փաստերով ներկայացնէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ժեմայէլ շեշտեց, որ ոչինչ փոխուած է երկրին մէջ, հետեւաբար պէտք է սկսիլ միացեալ կեցուածքով դիմադրելու, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ընտրական պայքարի յաջորդ փուլին պատրաստուելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ոչ ոք կարողութիւն ունի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերջնական ժամկէտ ճշդելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի նոյն անհատներուն կողմէ` աւելցնելով, որ նոյն անհատները կամ անձնաւորութիւնները կրնան միայն նոյն արդիւնքները ստեղծել:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Սելիմ Սաատէ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ, սակայն անիկա միայն 25 առ հարիւրի  յաջողութիւն կրնայ ապահովել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Ֆրանսայի պաշտօնական կեցուածքը, որուն հիման վրայ Մոհամետ մարգարէին դէմ ոտնձգութիւն արձանագրուած է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան զգուշացուց Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու որոշումէն հրաժարելէ:

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ տնտեսական իւրաքանչիւր հարցի պարագային խորհրդարանը կը բաժնուի հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռոտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրին, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ առանց քրիստոնեայ ազդու եւ հզօր գործօնին, Լիբանան համ ու հոտ չի կրնար ունենալ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատած են, որ ներքին լիբանանեան տագնապալի իրավիճակը կ՛ենթադրէ, որ ընձեռուած առիթները օգտագործուին:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց. Դաշնակցական Երիտասարդական-Ուսանողական Ցոյց` Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակողապաշտութեան Դէմ

Յաջորդը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Արագօրէն Կազմելու Կառավարութիւն Մը, Որ Նախորդներէն Աւելի Տարբեր Ըլլայ Եւ Փրկութեան Ծրագիր Մը Մշակէ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Կառչած  Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

October 15, 2026
Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»
Լիբանանեան

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

October 15, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.