Իսրայէլեան ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեցին, որ սկսած են ընդարձակ ռազմափորձի մը, որ համազօր է Հըզպալլայի դէմ հաւանական պատերազմի մը:
Իսրայէլեան ուժերուն համաձայն, այդ ռազմափորձը կը կոչուի «Մահացու նիզակ»:
Ռազմափորձը պիտի տեւէ քանի մը օր` ներառելով հետեւակ զօրքը, ծովուժն ու օդուժը:
«Ընդարձակ այս ռազմափորձին նպատակն է իսրայէլեան ուժերուն յարձակողական կարողութիւնները բարելաւել եւ ամբողջականօրէն զինուորական ամէն մակարդակի փորձեր կատարել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: