Իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի դէմ յատուկ մարզումներու կեդրոն մը կառուցած են` լիբանանեան սահմանէն 300 մեթր հեռու գտնուող անտառի մը մէջ:
Ատրահիի յայտարարութեան կողքին, հիւսիսային Իսրայէլի հրամանատարը յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կ՛ամրացնէ իր զինուորներուն կարողութիւնները եւ զանոնք կը պատրաստէ Հըզպալլայի դէմ կռուելու` անոր յաղթելու նպատակով:



