Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շենքըր. «Հակառակ Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանագծումին` Կը Շարունակենք Հըզպալլայի Եւ Անոր Դաշնակիցներուն Դէմ Պատժամիջոցներ Որդեգրել»

October 26, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շենքըր շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները իբրեւ միջնորդ յանձնառու կը մնան Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագծում կատարելու բանակցութիւնները դիւրացնելու:

Շենքըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իր հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծած է նաեւ բարեկարգումները գործադրելու եւ ժողովուրդին պահանջները գոհացնելու կարեւորութիւնը:

Սահմանագծումի բանակցութիւններուն մասին իր յոռետես կամ լաւատես ըլլալուն առումով Շենքըր յայտնեց, որ ինք այդ բառերով չի փափաքիր արտայայտուիլ, այլ կ՛ուզէ հաստատել, որ գոհ էր խորհրդակցութեան Ա. փուլէն եւ կը մաղթէ, որ բանակցութիւնները կատարուին առանց յետին նպատակներու եւ ի վերջոյ համաձայնութեան յանգին:

Շենքըր հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանցիներուն եւ անհրաժեշտ կը նկատեն, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւնները թափանցիկութեամբ գործեն, բարեկարգումներ կատարեն, փտածութեան դէմ պայքարին եւ հաշուետուութիւն կատարեն:

«Այս հիմնական կէտերէն մեկնելով` Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ խոստացած են օժանդակել Լիբանանին», ըսաւ ան:

Շենքըր նկատել տուաւ, որ հակառակ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանագծումի հոլովոյթին իրենց միջամտութեան` Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել:

Նշենք, որ լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ սահմանագծումի բանակցութիւնները, որոնք սկզբունքով այսօր պիտի սկսէին, 48 ժամով յետաձգուած են, հետեւաբար կը նախատեսուի, որ այդ բանակցութիւնները սկսին չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2020-ին:

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Սկսան Ռազմափորձի Մը, Որ Համազօր Է Հըզպալլայի Դէմ Հաւանական Պատերազմի Մը

Յաջորդը

«Սուրիոյ Պատերազմին Հըզպալլայի Մասնակցութիւնը Լիբանանի Եւ Շրջանի Կայունութիւնը Վտանգի Կ՛ենթարկէ» Զգուշացուց Կութիերես

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.