Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 26, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին զգուշանալու երկկողմանի գաղտնի համաձայնութիւններէ եւ խոստումներէ, որոնք տարակարծութիւններ եւ տագնապներ ստեղծելու միտումներ կ՛ընդգրկեն:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին համաձայն, երկրին կրթական մարզը հետզհետէ կը տուժէ, իսկ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է այս իմաստով անյապաղ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց յայտնած է, թէ ինք համաձայն է Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուետուութեան ենթարկելու կէտին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իրենք համաձայն են փրկութեան կառավարութեան մը կազմութեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ կազմուի եւ բարեկարգումները անմիջապէս գործադրէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ պէտք է վստահիլ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի համար ներդրումը արդէն իսկ ապահովուած է: Ան նշեց, որ Հարիրի Լիբանանի կառավարութիւնը տասը օրուան ընթացքին պիտի կազմէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ նախատեսեց, որ Լիբանանի կացութիւնը մեծ բարելաւում պիտի արձանագրէ: Ան կոչ ուղղեց ժամանակ չմսխելու եւ անպայման աշխատելու ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութեան ի խնդիր: Խալիլ նկատել տուաւ նաեւ, որ պէտք է ամբողջութեամբ վստահիլ ֆրանսական նախաձեռնութեան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելու միտումներ չկան` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յանձնառու կը մնայ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը դիւրացնելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ նախապատուութիւնը կ՛երթայ կազմելու մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութեան մը, որուն անդամները մեծ թիւով պիտի չըլլան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Նասրալլա յայտնեց, որ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը ճիշդ քայլ մըն էր, որ առնուած էր Լիբանանը իր ողբերգական իրավիճակէն դուրս բերելու համար:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ իրենք ապագային կը նային դրական կերպով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական կեդրոնական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարութեան մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին հիմնական նպատակը Միջազգային դրամատուն դիմելն է եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին խոստացուած գումարներէն օգտուիլը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Էմ. Քա.» տիպի օդանաւեր երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին թռիչքներ գործեցին Քեսրուանի, Հասպայայի, Արքուպի, Ժապալ Շէյխի, Մազարեհ Շեպաայի, Ժեզզինի եւ մօտակայ գիւղաքաղաքներուն վերեւ:

 

Նախորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Օրհնութեան Կարգ Վերանորոգուած Եկեղեցւոյ

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Սկսան Ռազմափորձի Մը, Որ Համազօր Է Հըզպալլայի Դէմ Հաւանական Պատերազմի Մը

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին  Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Նոյեմբեր 15, 2025
Ուաշինկթըն. «Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային  Ներխուժման Դէմ Ենք Եւ Լրջօրէն  Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Կ՛աշխատինք»
Լիբանանեան

Դիւանագիտական Աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին. Ուաշինկթըն Չ՛ուզեր Միջնորդի Դեր Խաղալ, Այլ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Պէտք Է Ուղղակի Ըլլան

Նոյեմբեր 15, 2025
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի.  Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի  Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու
Լիբանանեան

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Իսրայէլ Կը Մօտենայ Պեքայի Եւ Պէյրութի Դէմ Յարձակում Գործելու

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?