Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը նեցուկ կանգնած է լիբանանցի ժողովուրդին, որ կը մերժէ Իրանի ահաբեկչական խրտուիլակը դարձած Հըզպալլան:
Փոմփէօ ընդգծեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը Լիբանանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլի դէմ պատժամիջոցներ հաստատած է, անոր փտածութեան պատճառով:



