Մինչ առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 3743 նոր վարակուածներ եւ 16 մահուան պարագաներ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` երկուշաբթի, 11 յունուար 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Պաապտայի մէջ:
Պիտի քննարկուին երկրին մէջ տիրող առողջապահական իրավիճակը եւ հիւանդանոցային մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Միւս կողմէ, «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշռելու նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը:
Աւելի քան 5 ժամ տեւած նիստէն ետք, յանձնախումբը յանձնարարեց երկիրը 7 օրուան համար ամբողջական փակումի ենթարկել, շուրջօրեայ կրակմարի դրութիւն պարտադրել, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը 7 օրով փակել:
Յանձնախումբին յանձնարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախքան ամբողջական փակումի յայտարարութիւնը, լիբանանցիներուն 48 կամ 72 ժամուան առիթ պիտի ընծայուի սննդեղէն ապահովելու, իսկ կրակմարի դրութենէն պիտի բացառուին բանակը, Կարմիր Խաչն ու բժշկական անձնակազմը:
Այս յանձնարարութեան լոյսին տակ, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի հետ` հաստատելով, որ պէտք է լրագրողները եւս բացառութիւն նկատել եւ արտօնել, որ անոնք փոխադրութեան իրաւունք ունենան շաբթուան բոլոր օրերուն, նոյնիսկ կիրակի օրերուն ընթացքին, ինչպէս որ նշուած է կառավարութեան հրամանագիրին մէջ:
Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ ինք կը պայքարի, որ լրագրութեան մարզը եւս ներառուի բացառութիւններուն մէջ, որովհետեւ այդ մարզին մէջ աշխատողները եւս կը պայքարին «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ` այնպէս ինչպէս բժիշկներն ու հիւանդապահները:
Երեկոյեան ժամը 10:00-ին Ապտել Սամատ յայտնեց, որ խոստում ստացած է լրագրողները ներառելու կրակմարի դրութենէն բացառուողներու ցանկին մէջ, ինչպէս նաեւ խոստում ստացած է, որ անոնք պիտի ըլլան «Քորոնա» ժահրին դէմ առաջին պատուաստ ստացողներէն:
Իր կարգին, Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն որեւէ միջոցառում, որ կը կաշկանդէ լրագրողներուն աշխատանքը` ինչ մարզ, որ ալ ըլլայ անիկա:
«Լրագրողները կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը` բնակարանային մեկուսացման ենթարկուած քաղաքացիները տեղեակ պահելով տիրող կացութեան մասին: Անոնք օրէնքը չեն խախտեր: Լրագրողին բացառութիւն նկատուիլը իրաւունք է, որուն կառչած կը մնանք», հաստատեց Քսսայֆի:
Նշենք, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար եւ նախարարական յանձնախումբի նախագահ հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող առողջապահական իրավիճակը շատ վտանգաւոր է` հաստատելով, որ հիւանդանոցները ողողուած են հիւանդներով եւ վարակուածներով:
Ասմար նշեց, որ երկրին ամբողջական փակումը 90 առ հարիւր համեմատութեամբ պիտի յաջողի հակակշիռի տակ առնել «Քորոնա» ժահրի տարածուելուն սրընթաց թափը:
Ասմար ընդգծեց, որ յանձնախումբը Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին յղած իր յանձնարարութեան մէջ բաւական խիստ քայլերու դիմած է` կարեւոր նկատելով, որ այդ յանձնարարականները նոյնքան խստութեամբ գործադրուին:
Պէյրութի միջազգային օդակայանի տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնեց, որ իրենք համաձայն չեն օդակայանի փակումին, որովհետեւ Լիբանան հասնող ճամբորդներուն մէջ վարակուածներուն տոկոսը շատ փոքր է եւ աննշան:
«Հետեւաբար մենք համոզուած ենք, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը փակելու կարիք չկայ», ըսաւ ան:
Հասան նշեց, որ այսօրուընէ սկսեալ օդակայանին մէջ պիտի սկսին որդեգրուիլ նոր դասաւորումներ, որոնց արդիւնքները իմանալու համար նուազագոյնը մէկ շաբթուան գործադրութեան կարիք կայ:
Առողջապահութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց Լիբանանը ամբողջական փակումի ենթարկելու, որովհետեւ համաճարակը հակակշիռէ դուրս եկած է, եւ Լիբանան հասած է ամէնէն վտանգաւոր փուլին, որուն ընթացքին կրնայ առողջապահական աղէտ արձանագրուիլ:
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը անմիջական քայլերու պէտք է դիմէ` ամբողջական փակումի ենթարկելու համար Լիբանանը, այլապէս` անյոյս վիճակի պիտի մատնուինք:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ ընդգծեց, որ պահանջուածը նոր ուղղութիւն է եւ նոր ու խիստ գործելաոճ` երկիրը փրկելու համար:
Ակներեւ էին նաեւ բժշկական անձնակազմին եւ հիւանդապահներուն կոչերը, որոնք կը յորդորեն քաղաքացիները բնակարանային մեկուսացման ենթարկուելու եւ գիտակցութեամբ ընկալելու պահին լրջութիւնը:
Երէկ երեկոյեան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն ու Մուսթաքպալ շարժումը իրենց բոլոր ակումբներն ու գրասենեակները փակ յայտարարեցին` շեշտելով, որ յանձնառու կը մնան երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումին:
ՆՇԵՆՔ, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին առթած մտավախութեան առընթեր, իսրայէլեան օդուժը իր կործանիչներով եւ հետախուզական օդանաւերով սարսափի մատնեց լիբանանցիները:
Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00-ը, իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Պէյրութի, Մեթնի, Քեսրուանի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ:
Հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Սայտայի, Արքուպի, Ատայսէի եւ Հասպայայի վերեւ կատարած իրենց թռիչքներուն ընթացքին այդ օդանաւերը նաեւ գործեցին կեղծ յարձակումներ: