Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ ցուրտի ալիք մը սկսած է հարուածել Լիբանանը:
Կը նախատեսուի, որ ջերմաստիճանը աւելի եւս նուազի, եւ տեղատարափ անձրեւներ արձանագրուին:
Ըստ օդերեւութաբանական գրասենեակին, այսօր` ուրբաթ, 15 յունուար 2021-ին, առատ կերպով պիտի ձիւնէ ծովու մակերեսէն 1300 մեթր բարձրութեան վրայ, իսկ շաբաթ եւ կիրակի օրերը պիտի ձիւնէ ծովու մակերեսէն 1100 մեթր բարձրութեան վրայ:
Ձիւնամրրիկը պիտի տեւէ մինչեւ չորեքշաբթի, 20 յունուար 2021:
Ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն պահանջեցին, որ ձիւնամրրիկին ընթացքին հետեւին իրենց ցուցմունքներուն եւ խուսափին լեռնային ճամբաներ ուղղուելէ, յատկապէս Տահըր Պայտարի, Թարշիշի, Լաքլուքի, Ֆարայայի եւ Արզի շրջանները:
Ցուրտի ալիքը ցարդ ամէնէն խիստ կերպով հարուածած է Հասպայայի շրջանը:



