Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտել Սամատ. «Անհրաժեշտ Է Դիւրացնել Լրագրողներուն Աշխատանքը»

January 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան լրագրողներու եւ խմբագիրներու սենտիքաներու նախագահներ Աունի Քաաքի եւ Ժոզեֆ Քսսայֆի, ինչպէս նաեւ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լրագրողները կրակմարի դրութենէն եւ արտակարգ իրավիճակէն բացառելու մանրամասնութիւնները:

Անոնք խօսեցան լրագրողներն ու լրագրական անձնակազմերը բացառելու որոշումին մասին` հաստատելով, որ իւրաքանչիւր լրատուամիջոց ինք կը ճշդէ իր անձնակազմին թիւը:

Ապտել Սամատ հաստատեց, որ ինք կը սատարէ լրագրողներուն եւ յանձնառու կը մնայ լրագրական մարզին ազատ ու անկաշկանդ գործունէութեան:

«Անհրաժեշտ է դիւրացնել լրագրողներուն աշխատանքը, իսկ այս իմաստով սենտիքաներուն դերակատարութիւնը շատ կարեւոր է», ըսաւ ան:

Ապտել Սամատ հաստատեց, որ ինք կապ պահած է ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի հետ եւ երաշխաւորած լրագրողները երկիրը փակելու որոշումէն բացառելու իրականութիւնը:

Ան հաստատեց, որ լրագրողները պէտք է իրենց հետ կրեն իրենց քարտերը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց փոխադրութիւնը դիւրացնել, «իսկ որեւէ հարցի պարագային լրագրողները կրնան նախարարութիւն դիմել», շեշտեց Ապտել Սամատ:

Իր կարգին, Քաաքի յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ ծանր պայմաններ, որոնք ամբողջ երկիրը կը սարսափեցնեն:

Քաաքի շնորհակալութիւն յայտնեց Ապտել Սամատին` լրագրողներուն մնայուն կերպով զօրակցելուն համար: «Տեղեկատուութեան մարզին պարտականութիւնն է իր առաքելութիւնը սիրով եւ կատարեալ թափանցիկութեամբ կատարել, եւ այս բարդ պայմաններուն մէջ երկրին շահերը գերադասել», հաստատեց ան:

Քսսայֆի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ապտել Սամատին` լրագրողներու ու խմբագիրներու սենտիքաներուն զօրակցելու եւ լրագրողներուն աշխատանքը արգիլել փորձողներուն դէմ դնելու համար:

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժեր Ձերբակալեցին Լիբանանցի Հովիւ Մը

Յաջորդը

Աքըր. «Կոչ Կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ին Անյապաղ Կասեցնելու Լիբանանի Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները»

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.