Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

14-25 Յունուարին Լիբանանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է

Յունուար 12, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտակարգ դրութիւն յայտարարելու նախօրեակին, լիբանանցիները (անոնք, որոնք կարողութիւն ունին), երէկ փութացին հանրախանութներն ու փուռերը, եւ մեծաքանակ ուտեստեղէնի գնում կատարեցին` բնակարանային մեկուսացումին ընթացքին սոված չմնալու մտահոգութեամբ:

Երկրին մէջ ստեղծուեցաւ ահռելի խուճապ մը, որ վստահաբար «Քորոնա» ժահրի տարածման պիտի ծառայէ` ի վնաս ժողովուրդին առողջութեան:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նիստին ներկայ էին հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքր, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պետեր, բժշկական եւ հիւանդանոցային մարզերու պատասխանատուներ:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Տիապի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող պայմանները:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին նախագահ Աուն պահանջեց Լիբանանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարել` ընդգծելով, որ հիւանդանոցներուն դիմաց արձանագրուող աղէտալի պայմանները արմատական լուծումներ կ՛ենթադրեն` մեղմացնելու համար համաճարակին տարածումը:

Իր կարգին, Տիապ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի առողջապահական մտահոգիչ կացութեան մը դիմաց, որովհետեւ «Քորոնա»-ի համաճարակը հակակշիռէ դուրս եկած է եւ ահռելիօրէն կը տարածուի:

Ան նշեց, որ այս իրավիճակը լիբանանցիներուն յամառութեան եւ պետութեան պարտադրած միջոցառումներուն դէմ ըմբոստանալու պատճառով է:

Տիապ նշեց, որ երկրին բոլոր հիւանդանոցները լեցուն են վտանգաւոր եւ զգայուն պարագաներով: «Եթէ այս վիճակը շարունակուի, ապա ժողովուրդը հիւանդանոցներուն դիմաց պիտի մնայ, եւ «Քորոնա» համաճարակի դիմակայման առումով Լիբանան շատ աւելի վատ օրինակ մը պիտի ըլլայ, քան` Իտալիան»:

Տիապ շեշտեց, որ երկրին քաղաքական իշխանութիւնը որոշում տուած է, եւ պէտք է այդ որոշումը յարգել` առանց խախտումներու:

Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն լիբանանեան բանակը 400 հազար լ. ոսկիի նիւթական օժանդակութիւնը պիտի շարունակէ ցրուել շուրջ 280 հազար լիբանանցի ընտանիքներու:

Նիստէն ետք խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ խորհուրդը Լիբանանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է հինգշաբթի, 14 յունուարէն սկսեալ, մինչեւ երկուշաբթի, 25 յունուար:

Այսինքն` 14-25 յունուար լիբանանցիներուն արգիլուած է փողոց իջնել:

Ասմար նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը պիտի շարունակէ գործել:

Ան նշեց, որ Պաղտատէն, Պոլիսէն, Ատանայէն, Գահիրէէն եւ Ատիս Ապեպայէն Լիբանան հասնող թռիչքներու ճամբորդներուն 85 առ հարիւրը «Քորոնա» ժահրով վարակուած կ՛ըլլան, հետեւաբար անոնք ստիպուած են 7 օրուան համար պանդոկի մը մէջ մեկուսանալ, իւրաքանչիւր ճամբորդ իր հաշուոյն:

«Անոնք իրենց ժամանումին օրը պիտի ենթարկուին առաջին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան, իսկ վեցերորդ օրը` երկրորդ քննութեան», ըսաւ ան:

Ասմար նշեց, որ օդակայանը պէտք է գործէ աւելի սահմանափակ թիւով` ընդգծելով, որ 2020 դեկտեմբերի ճամբորդներու թիւին բաղդատած օդակայանը միայն այդ թիւին 20 առ հարիւրով պէտք է գործէ, իսկ այդ ճամբորդները իրենց ժամանումին օրը պիտի ենթարկուին առաջին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան, շուրջ 72 ժամ մեկուսանան պանդոկի մը մէջ, իսկ վեցերորդ օրը ենթարկուին «Փի. Սի. Ար.»-ի երկրորդ քննութեան:

Ասմար նշեց, որ երկրին ծովային եւ ցամաքային սահմանները պիտի մնան փակ, բացի տարանցիկ դրութեամբ ժամանողներէն:

Ասմար կոչ ուղղեց նախարարութիւններուն իրենց կարելիութեան 10 առ հարիւրին համաձայն գործելու, բացի ելեւմուտքի նախարարութենէն, որ իր կարողութեան 50 առ հարիւրին համաձայն պէտք է գործէ:

Ան հաստատեց, որ դպրոցները, համալսարանները, պետական հաստատութիւններն ու վարչութիւնները, հանրային պարտէզներն ու խաղավայրերը փակ պիտի մնան, իսկ ծովեզերքը քալելու դրութիւնը արգիլուած է:

Ասմար պահանջեց, որ դատական իշխանութիւններն ու ապահովական կառոյցները յաւելեալ խստութեամբ գործադրեն արտակարգ դրութեան օրէնքը:

Դրամատուները իրենց կարգին փակ պիտի մնան, պայմանով որ ելեկտրոնային դրամարկղերը լեցուն ըլլան, եւ իւրաքանչիւր դրամատուն առողջական պատճառներով ծառայութիւն մատուցելու թէժ գիծ ունենայ:

Ասմար նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է թելադրէ հոգեւոր հեղինակութիւններուն, որպէսզի բոլոր աղօթավայրերը փակուին, իսկ կրօնական բոլոր առիթները ջնջուին:

Փակ պիտի մնան նաեւ բախտախաղի բոլոր սրահներն ու կեդրոնները, ինչպէս նաեւ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ը:

Ասմար նշեց, որ այս որոշումէն կը բացառուին բանակը, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան աշխատանքի խմբակները, ընկերային ապահովագրութեան ընկերութիւնները, որոնք բուժման ծառայութիւններ պէտք է վաւերացնեն, դեղագործները, բժիշկներն ու հիւանդապահները, հիւանդանոցներու անձնակազմերը, Կարմիր խաչը, Միջազգային կարմիր խաչը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը, հրշէջները, Ելեկտրականութեան ընկերութեան անձնակազմերը, նաւթի մթերման մարզը, Ջուրի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնն ու «Օժերօ»-ն, Կեդրոնական դրամատունը` իր նուազագոյն անձնակազմով, դիւանագիտական անձնակազմերը, ինչպէս նաեւ լրագրողները:

Ասմար նկատել տուաւ, որ դեղարանները շուրջօրեայ դրութեամբ կրնան գործել, փուռերը` առաւօտեան ժամը 8:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 3:00, հանրախանութները առաւօտեան ժամը 5:00-էն երեկոյեան ժամը 5:00, պայմանով որ միայն առաքում կատարեն:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ
Կազմակերպուած Մրցաշարքը Կը Նկատէ Մեծ Սխալ Մը

Մինչ երէկ երեկոյեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 3095 նոր վարակուածներ եւ 23 մահուան պարագաներ, առաւօտեան «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշռելու նպատակով կազմուած նախարարական յանձնախումբը վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն շրջագիծին մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հիւսիսային Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած մրցաշարքը նկատեց մեծ սխալ մը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ այդ մրցաշարքը կազմակերպողները անտեսած են առողջական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը` կոչ ուղղելով բոլորին յանձնառու մնալու ցուցմունքներուն եւ նախազգուշական քայլերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել իրենց, անոնց ընտանիքներուն եւ հայրենիքին անվտանգութիւնը:

Արաբական Հացին Սակը Կը Սղի

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ արաբական հացը պիտի սղի` նկատի ունենալով Լիբանան առաքուած իրաքեան ցորենի սպառումն ու ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին կրած արժեզրկումը:

Ըստ նախարարութեան որոշումին, 900 կրամ կշռող մէկ կապ արաբական հացին սակը պիտի ըլլայ 2250 լ. ոսկի, իսկ 400 կրամ կշռող մէկ կապ արաբական հացին սակը պիտի ըլլայ 1500 լ. ոսկի:

 

Նախորդը

Մեսուտ Աշքար Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեանց Ղեկավարները Քննարկած Են Սահմանին Տեղի Ունեցած Միջադէպերու Հետաքննութեան Ու Գերիներու Փոխանակման Առնչուող Հարցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?