Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Ամբողջական Փակումը 94 Առ Հարիւրով Կարելի Եղած Է Գործադրել

Յունուար 15, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆիրաս Ապիատ. «Կացութիւնը Լուրջ Է. Ամբողջական Փակումը Պէտք Չէ Ձախողի»

Լիբանանի մէջ երէկ գործադրութեան դրուած ամբողջական փակումը կարելի եղաւ 94 առ հարիւրով գործադրել:

Այս համեմատութիւնը յայտարարուեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու հանրային կապերու պետ գնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմի կողմէ:

Մսալլեմ նշեց, որ երէկ առաւօտեան ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած լուսանկարներն ու վիտէոները, ուր ինքնաշարժներու խճողում արձանագրուած էր` Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ զետեղուած անցարգելներուն պատճառով էր:

Ան նկատել տուաւ, որ շտապ պարագաներու արտօնութիւն ընձեռելու համար հաստատուած հարթակը քաղաքացիներուն հարցերը լուծելու եւ կեանքը դիւրացնելու նպատակով է:

Պաալպեք-Հերմելի, Արեւմտեան Պեքաայի, Ռաշայայի, Հասպայայի, հիւսիսային Լիբանանի եւ այլ շրջաններու մէջ կատարեալ յանձնառութիւն ցուցաբերուեցաւ յայտարարուած արտակարգ իրավիճակը եւ երկիրը փակելու որոշումին նկատմամբ:

Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ եւս քաղաքացիները ենթարկուեցան պետութեան տուած ամբողջական փակումի որոշումին:

Մինչ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան կը շարունակէ մնալ հիւանդանոցին մէջ, անոր զաւակը եւս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր անոնք կ՛անցընեն «Քորոնա»-ի համաճարակէն ապաքինելու հոլովոյթ մը:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու եւ մահացածներու նոր թիւերը կրող յայտարարութիւն մը, ըստ որուն արձանագրուած են 5196 նոր վարակուածներ եւ մահացած 41 ուրիշներ:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն բժիշկ Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 4 պարագաներ սրտի կաթուածով մահացած են: Ան նշեց, որ անոնցմէ մէկը 19 տարեկան էր:

«Կացութիւնը լուրջ է. ամբողջական փակումը պէտք չէ ձախողի», ընդգծեց Ապիատ:

Միւս կողմէ, Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց կառավարութեան խստօրէն պարտադրելու իր փրկութեան ծրագիրը:

Քապալան անհրաժեշտ նկատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարը շարունակուի` նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեամբ:

Իր կարգին, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան մաղթեց կասեցնել եկեղեցական բոլոր արարողութիւնները, նամազն ու ընտանեկան աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, որոնք կը նպաստեն «Քորոնա» ժահրի յաւելեալ տարածումին:

«Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու իմաստով որդեգրուած այս միջոցներէն բացի, ընկերային եւ նիւթական օժանդակութիւնները շարունակուեցան լիբանանեան պետութեան կողմէ:

Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանի ընկերային ապահովութեան ցանցի պաշտպանութեան համար վաւերացուած 246 միլիոն տոլարի գումարը պիտի օժանդակէ, որ նախարարութիւնը ամէնէն աւելի աղքատ ընտանիքներու ծրագիրին մէջ ներգրաւուած ընտանիքներուն թիւը հասցնէ երկու հարիւր հազարի:

Իր կարգին, Լիբանանի Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ լիբանանեան բանակին 75 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը տրամադրեց, որպէսզի ան իր ցանկերուն վրայ նշուած կարիքաւոր ընտանիքներուն շարունակէ նիւթական օժանդակութիւն հայթայթել:

 

Նախորդը

Մայք Փոմփէօ. «Թրամփի Վարչակազմը Նեցուկ Կանգնած Է Լիբանանցի Ժողովուրդին, Որ Կը Մերժէ Իրանն Ու Հըզպալլան»

Յաջորդը

Լիբանան Ապահովութեան Խորհուրդին Մօտ Բողոքեց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?