Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսուտ Աշքար Ոչ Եւս Է

January 12, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միութիւն Լիբանանի համար շարժումի նախկին ընդհանուր քարտուղար Մեսուտ Աշքար երէկ մահացաւ` «Քորոնա» ժահրին դէմ իր մղած պայքարին ճամբուն վրայ:

Մեսուտ Աշքար կը նկատուի հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի մտերիմ ընկերակիցը:

Ան մաս կազմած է Լիբանանեան դիմադրութեան, որ հիմնուած էր Ժեմայէլի կողմէ:

1988-էն ի վեր ան զօրակցած էր զօր. Միշել Աունի, երբ վերջինս փոխանցման շրջանի վարչապետի պաշտօնը ստանձնած էր:

Աշքար մերժած է Թաէֆի համաձայնագիրը, սակայն ամբողջ կեանքին ընթացքին ծառայած է ժողովուրդին եւ լայն ժողովրդականութիւն վայելած:

Ան մասնակցած է 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, սակայն չէ յաջողած: Նախորդ երկու երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Պէյրութի մէջ մարոնի համայնքի միակ աթոռին համար, սակայն չէ յաջողած խորհրդարան հասնիլ:

Ան հայասէր էր, լիբանանահայ համայնքի բարեկամ  եւ Հայ դատի պաշտպան: Ան մնայուն կերպով ներկայ կը գտնուէր հայկական Ս. Ծնունդին առիթով մատուցուած Ս. պատարագներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն, քայլարշաւներուն եւ Ապրիլ 24-ի հսկումներուն ներկայ կը գտնուէր:

Մեսուտ Աշքարի մահը գուժեցին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, պետական պաշտօնատարներ, հոգեւորականներ եւ այլք:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն գուժեց Մեսուտ Աշքարի մահը: «Մեսուտ Աշքար պայքարող քաղաքական անձնաւորութիւն մըն էր, որ կը պատկանէր արժանապատիւ քաղաքական  անձնաւորութիւններու դասին: Այն անձնաւորութիւններուն, որոնք Լիբանանի արժանապատուութեան, միասնականութեան եւ կայունութեան համար չէին սակարկեր:

Աշքար միշտ օրինականութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը կը պաշտպանէր եւ հայրենասիրութեան մարմնացում էր: Աշքարի մահով ես բարեկամ մը կը կորսնցնեմ», ըսաւ ան:

Մեսուտ Աշքարի ընտանիքը կոչ ուղղեց բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն չմասնակցելու Աշքարի թաղման արարողութեան, այլ` բաւարարուելու Դիմատետրի ընդմէջէն աղօթելով անոր հոգւոյն համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Մեսուտ Աշքարի մահուան առիթով կատարեց դիմատետրեան հետեւեալ գրառումը.

«Պարկեշտ դիմադրողը մեկնեցաւ:

Լիբանանի միասնականութեան ու գերիշխանութեան հաւատացողը գնաց: Արդարութեան եւ ազատ մարդուն համար պայքարողը չկայ այլեւս:

Անիրաւուածին ու կարիքաւորին եղբայրը մեկնեցաւ:

Սիրելի Մեսուտը լքեց մեզ այն ժամանակ, երբ Լիբանան իր նմաններուն խիստ կարիքը ունի»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Դամբանականը` Գառնիկ Մկրտիչեանի Յուղարկաւորութեան

Յաջորդը

14-25 Յունուարին Լիբանանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.