Հարիրի Հանդիպում Ունեցաւ Քաթարի Իշխանին Հետ
Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Քաթարի իշխանը հաստատեց Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ Քաթարի զօրակցութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն` Լիբանանի գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատելու եւ արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կառավարութիւնը իր կարգին կարենայ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող տագնապներն ու մարտահրաւէրները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Նշենք, որ Հարիրի նախանցեալ օր Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Քաթարի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման պըն Ճասեմ Ալ Թանիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Քաթարի փոխվարչապետը հաստատեց, որ Տոհա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին` անոր բարգաւաճման ի խնդիր:
Իր կարգին, Հարիրի շնորհաւորեց Քաթարը` Ծոցի երկիրներուն հետ անոր հաշտութեան առիթով:
Կը նախատեսուի, որ Քաթար իր այցելութենէն ետք Հարիրի ուղղուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: