Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2730 վարակուածներ եւ մահացած  են 54 ուրիշներ: Առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը ցոյց տուաւ, որ առողջապահութեան մարզը ամբողջովին կարիքը ունի արմատական բարեկարգումի: Արաժի հաստատեց, որ պէտք է օժանդակել պետական հիւանդանոցներուն եւ վերջ տալ առողջապահական մարզին մէջ արձանագրուող մսխումին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապի լուծման առումով ֆրանսական նախաձեռնութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ ինք ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու կոչ ուղղած է, որովհետեւ երկիրը հասած է անհանդուրժելի վիճակի մը: Ան հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրն ու առաջադրուած նախաձեռնութիւնները Լիբանանի տագնապի միջազգայնացում են: Ռայի պատրիարքը մերժեց պաշտօնավարութիւններու ժամանակաշրջաններուն երկարաձգումը եւ կոչ ուղղեց օրինական բոլոր հոլովոյթները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտով կատարելու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ հաստատուեցաւ, որ 98 օքթան պենզինի թիթեղը սղած է 1.700 լ. ոսկիով, այսինքն` 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 32,200 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինի թիթեղը սղած է 1.600 լ. ոսկիով, այսինքն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 31.200 լ. ոսկի, իսկ մազութինը` 800 լ. ոսկիով, այսինքն` մազութի թիթեղին սակն է 21.400 լ. ոսկի,

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Մուրթատայի հետ: Հանդիպումին քննարկուեցաւ նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը` լիբանանցիներուն աւելի լաւ կերպով ծառայելու նպատակով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԺՈՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի փակ փապուղի` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ անոր քաղաքական ուժին կողմէ կառավարութեան որոշումները արգելակելու մէկ երրորդի պահանջին կառչած մնալու պատճառով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջոցով կը փորձէ իր պայմանները պարտադրել: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող քաղաքական ուժերը պատասխանատու են երկիրը քանդումի առաջնորդելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանան անակնկալներու երկիր է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան առումով կրնայ բեկում մը յառաջանալ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզէտտին երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ճարտարարուեստի եւ տնտեսութեան նախարարներու պաշտօնակատարներուն հետ` քննարկելու համար Սուրի շուկայի առեւտրականներուն պահանջները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան նախարարներուն թիւը` 18 նախարարը, փոփոխութեան ենթարկելու քննարկում չէ եղած տակաւին` աւելցնելով, որ Հարիրի տակաւին կառչած կը մնայ 18 նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմելու սկզբունքին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է իսկական գործակցութեան մօտեցում ցուցաբերէ` լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հարցերը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պէտք է հրաժարի, պայմանով, որ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարուին եւ ապա նորընտիր խորհրդարանը ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը: Ան յայտնեց, որ Պքերքէ 100-ամեակէ մը ի վեր կը ծառայէ լիբանանցիներուն եւ ոչ ոք սպառնացած է անոր: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին Ժահժահ յայտնեց, որ տեղական հետաքննութիւնը ոչ մէկ արդիւնքի կրնայ յանգիլ` աւելցնելով, որ Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխանները կը պատրաստեն բողոքագիր մը, որ ՄԱԿ-ին պիտի յղուի:

 

Նախորդը

«Եթէ»-ն Ընդդէմ «Եթէ»-ի

Յաջորդը

Կանց. «Եթէ Ստիպուինք Հըզպալլայի Դէմ Պատերազմիլ, Լիբանան Պիտի Դողդղայ, Իսկ Հըզպալլա Ծանրօրէն Պիտի Վիրաւորուի»

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?