Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Մեր Ջանքերը Պիտի Շարունակենք Մարզական Կեանքը Աւելի Արագ Վերսկսելու»

February 17, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ շարունակեց մարզական ֆետերասիոններուն հետ իր խորհրդակցութիւնները` որոնելով այն միջոցները, որոնց համաձայն կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ մարզական կեանքը աւելի արագ վերսկսիլ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան մարզական միաւորի պատասխանատու Մոհամետ Օուէյտաթէն իմացաւ «Քորոնա»-ի պետական շտապի թեքնիք հարցերու յանձնախումբին հետ անոր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները, որոնց հիման վրայ յանձնախումբը համաձայն գտնուած է նախարարութեան պատրաստած ուսումնասիրութեան սկզբունքներուն:

Այդ սկզբունքները կը ներառեն յառաջիկայ շաբաթասկիզբին վերսկսիլ այն մարզումները, որոնք բացօթեայ դաշտերուն մէջ կը կատարուին, ըլլան անոնք անհատական թէ հաւաքական մարզումներ:

«Մեր ջանքերը պիտի շարունակենք մարզական կեանքը աւելի արագ վերսկսելու` առողջապահական պայմանները պահպանելով: Այս իմաստով արդէն իսկ սկսած ենք «Քորոնա»-ի պետական շտապի թեքնիք հարցերու յանձնախումբին հասկացողութիւնը շօշափել, եւ կը յուսամ, որ հարցը կը քննուի նաեւ «Քորոնա»-ի նախարարական շտապին կողմէ», ըսաւ Վ. Օհանեան-Գէորգեան:

Ան նկատել տուաւ, որ կարգ մը հարցերու լուծման նպատակով ինք «Քորոնա»-ի պետական շտապի թեքնիք հարցերու յանձնախումբին եւ Մուայ Թայի ֆետերասիոնի նախագահ Սամի Քապալաուիի եւ Ֆիզիքական կրթութեան ֆետերասիոնի նախագահ Հասանէն Մքալլետի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպած է` ներկայութեամբ Մոհամետ Օուէյտաթի:

«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արտօնագիր ունեցող մարզասրահները վերաբանալու կարելիութիւնները, նոյնիսկ եթէ անոնց վերաբացումը ըլլայ խիստ պայմաններու հիման վրայ եւ որոշ համեմատութեամբ», հաստատեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան:

Ան ընդգծեց, որ ինք կը հասկնայ նախարարութեան հետ կապուած մարզերուն պահանջները: «Այդ մարզերուն` յատկապէս մարմնակրթութեան մարզին մէջ, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակումի հազուագիւտ պարագաներ արձանագրուեցան, կ՛աշխատին հազարաւոր մարդիկ, եւ ճիգ պէտք չէ խնայենք անոնց ուսերուն ծանր բեռը թեթեւցնելու եւ անոնց հարցերը լուծելու նպատակով», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Խալտէի Հանդիպում. «Տիւրզի Համայնքի Ճշգրիտ Ներկայացուցչութեան Իրաւունքին Տէր Պէտք Է Կանգնիլ»

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Հարիրիի Յայտարարութիւնները Լիբանանեան Ազգային Ուխտին Եւ Հաւասարակշռուած Քաղաքական Գործակցութեան Հետ Կը Հակադրուին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.