Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան անցեալ շաբաթավերջին նախարարութեան գործունէութեան, պարզած ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Նահար ուեպ թի. վի.»-ի հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ նախարարութեան մէջ իր փորձառութիւնը իսկական առումով վեց ամսուան փորձառութիւն է` նկատի ունենալով կառավարութեան պաշտօնական իշխանութեան տեւողութիւնը: Ան հաստատեց, որ նախարարութեան ստանձնումէն ամիս մը ետք արդէն իսկ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը սկսաւ Լիբանանի մէջ ալ տարածուիլ, ինչ որ պատճառ դարձաւ երկրին փակումին, եւ նախարարութիւնը իր կարողութեան հազիւ տասը առ հարիւրին համեմատութեամբ գործեց: «Այս կացութիւնը դժուարացուց իրավիճակը, որ աւելի եւս բարդացաւ շարք մը այլ տագնապներով` քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային: Այդ տագնապները իրենց վատ ազդեցութիւնը ունեցան մարմնակրթութեան մարզին վրայ: Տագնապներուն վրայ աւելցաւ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթում-ոճիրը, որուն հետեւանքները ցայսօր կ՛ապրինք», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ մարմնակրթութեան մարզը աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր կը տառապի տնտեսական տագնապէն եւ երկիրը երկարատեւ ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումներէն ու իրողութենէն: «Սակայն կ՛արժէ ըսել, որ այս փորձառութիւնը համբերութիւն սորվեցուց, ինչպէս նաեւ պայքարելու կորովը վառ պահեց: Հետեւաբար անձնատուր ըլլալու վիճակի մէջ չենք երբեք, ընդհակառակն` նորանոր նախաձեռնութիւններ ներկայացնելու մթնոլորտին մէջ ենք` ֆետերասիոններուն հետ գործակցաբար», ըսաւ ան: Պատասխանելով նախարարութեան աշխատանքները արգելակող հիմնական պատճառներուն մասին հարցումի մը` Վ. Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ, որ իսկական խոչընդոտը տնտեսական տագնապն է, սակայն հակառակ այդ տագնապին, նախարարութեան եւ ֆետերասիոններուն միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են: «Հիմնական խնդիր կարելի է նկատել նաեւ այն, որ պետութեան կողմէ մարմնակրթութեան ոլորտը այլ մարզերու կարեւորութեան համազօր չի նկատուիր: Մինչդեռ «Քորոնա» ժահրի տարածումը նուազեցնելու եւ նախազգուշութիւններու յանձնառու մնալու իմաստով մարզական ոլորտը ամէնէն աւելի նախանձախնդիր է ու կարգապահ», շեշտեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատարը:
Ան ընդգծեց լիբանանեան պետութեան կողմէ մարմնակրթութեան մարզին մէջ յաւելեալ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ այս առումով պետութիւնը պէտք է իր ամբողջ աշխարհահայեացքը փոփոխութեան ենթարկէ: «Ոչ ոք կ՛անդրադառնայ այն իրողութեան, որ այս նախարարութիւնն է, որ երիտասարդներու յառաջդիմութեան եւ ուժեղացման նպատակով կը գործէ եւ արդիւնաբեր է այն իմաստով, որ Լիբանանի անունը բարձր կը պահէ եւ Լիբանանի իսկական պատկերը կը ներկայացնէ` արաբական, ասիական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ոչ ոք նկատի կ՛ունենայ այն ճշմարտութիւնը, որ մարզական ոլորտը նուաճումներ կ՛իրագործէ այն ժամանակաշրջանին, երբ պետութիւնը իրագործում արձանագրելու ոչ մէկ կարելիութիւն ունի: Դժբախտաբար սակայն, պետութիւնը ո՛չ միայն այս մարզին ոչինչ կու տայ, այլեւ` անոր աշխատանքը կը խանգարէ», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ նախարարութեան մէջ կան խախուտ որոշ իրականութիւններ, որոնք հիմնականին մէջ նախարարութեան օրէնքներն են ու մեքանիզմները, որոնք հին են: «Այդ օրէնքները, աշխատելաձեւն ու գործիքակազմերը 2000-էն ի վեր փոփոխութեան չեն ենթարկուած, չեն թարմացուած: Նախարարութիւնը ստանձնելէս ետք առաջին երեք շաբաթները տրամադրեցի այդ օրէնքներն ու մեքանիզմը թարմացնելու եւ մշակուած նոր տարբերակները ներկայացնելու: Այս առիթով կ՛ուզեմ մաղթել, որ յաջորդ նախարարը իր առաջնահերթութիւնը նկատէ նախարարութեան օրէնքներն ու գործիքակազմերը փոփոխութեան ենթարկելը», հաստատեց ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան նկատել տուաւ, որ նախարարութիւնը կը գործէ խորհրդանշական պիւտճէով մը` աւելցնելով, որ անիկա պետութեան կողմէ լուսանցքայնացուած նախարարութիւն է, որուն տրամադրուած 2020-ի արդէն իսկ խորհրդանշական պիւտճէն 2021-ին կրնայ նուազիլ: Ան նշեց, որ նախարարութեան մէջ կ՛աշխատին 40 պաշտօնեաներ, որոնք ոչ մէկ ձեւով կը խոչընդոտեն նախարարութեան աշխատանքները, ընդհակառակն` առաւելագոյն չափով կը փափաքին գործել, առանց հասնելու իրենց նպատակին, պարզապէս այն պատճառով, որ նախարարութեան նիւթական աղբիւրներ եւ կարելիութիւններ չեն տրամադրուած: Նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ իրենց միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ վստահութեան եւ թափանցիկութեան վրայ: «Ճիշդ է, որ մեր տեսակէտները երբեմն տարբեր են, սակայն նպատակը մէկ է, եւ մեր միջեւ խորհրդակցութիւնը մնայուն է, կայ փոխըմբռնում, ինչպէս նաեւ հեզասահ գործակցութիւն», աւելցուց ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան անհրաժեշտ նկատեց լուսարձակի տակ առնել նաեւ արձանագրուած դրական կէտերը, որոնցմէ է այն իրողութիւնը, որ 8 փետրուարէն սկսեալ անոնք, որոնք «IMPACT» հարթակին դիմեցին, բացառութիւն նկատուեցան եւ մարզումներու սկսան, ինչպէս նաեւ ճամբորդեցին` մասնակցելու նախապէս ճշդուած համապատասխան մրցումներու եւ ախոյեանութիւններու: «Բոլոր այն ֆետերասիոնները, որոնք արտաքին մրցումներու մասնակցելու պարտաւորութիւն ունին, պէտք է դիմեն «IMPACT» հարթակ եւ հաւանութիւն պիտի ստանան: Բացառութիւն նկատուելու արտօնութիւն ստանալը մետասաներորդ պահուն ձգելը ճիշդ չէ: Այս առաւելութենէն բացի, նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է արտաքին մրցումներու մասնակցող մարզիկներուն «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններուն ծախսերը ստանձնել: Նաեւ ամէն ջանք ի գործ դրուած է, որ այդ մարզիկները նկատի առնուին «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի առաջնահերթութիւններուն մէջ», ըսաւ ան` կարեւորութեամբ շեշտելով, որ ջանքերն ու ճիգերը պէտք է փոխադարձ ըլլան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան կոչ ուղղեց ֆետերասիոններուն առանց զլանալու իրենց մարզիկներուն եւ խումբերուն անուանացանկերը ուղարկել նախարարութիւն, որպէսզի մարմնակրթութեան նախարարութիւնը իր կարգին գործակցի առողջապահութեան նախարարին հետ, եւ կարելի ըլլայ նաեւ մարզիկներու պատուաստումը առաջնահերթ նկատել:
Ան ընդգծեց, որ նախարարութեան նպատակն է մարզական ֆետերասիոններու նախագահներուն հետ դրական ճնշում բանեցնել այլ նախարարներու վրայ եւ մղել կառավարութիւնը` յաւելեալ լրջութեամբ նկատի ունենալու մարզական ոլորտը, մարզիկներն ու մարզիչները, ինչպէս նաեւ իրենց օրապահիկը այդ մարզէն ապահովող քաղաքացիները: Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ մարզական ոլորտը ինչո՞ւ երկրի աստիճանական բացումի չորրորդ եւ վերջին փուլին մէջ նկատի առնուած է, Վ. Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Քորոնա» համաճարակի պետական շտապին մաս կազմող նախարարական գիտական-թեքնիք յանձնախումբը, սերտելէ ետք բոլոր մարզերը, հաստատած է, որ ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ կը գործեն` մարզական ոլորտին հետ բաղդատած, այդ պատճառով ալ նախապատուութիւնը այդ մարզերուն ընձեռուած է: Բայց եւ այնպէս պէտք է նկատի ունենալ, որ կան մարզեր, որոնք աւելի մեծ «ներդրում» կ՛ունենան «Քորոնա» ժահրի տարածումին մէջ, իսկ մարմնակրթութեան մարզը, որ աւելի նուազ անձնակազմով կը ներկայանայ, շատ աւելի յանձնառու է նախազգուշութիւններու գործադրութեան եւ «Քորոնա» ժահրի տարածման նուազումին:
Հետեւաբար պէտք է այս երկուքին միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնել»: Մարզական ոլորտի շրջագիծին մէջ բացօթեայ դաշտերու վերաբացումին անդրադառնալով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ նուազ քան 3 շաբաթէն անոնք արդէն իսկ կը վերաբացուին, դարձեալ կոչ ուղղելով ֆետերասիոններուն` ծրագրելու ախոյեանութիւններուն թուականները եւ նախարարութիւնը տեղեակ պահելու, որպէսզի ան իր կարգին դիւրացնէ ընթացքը:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ մարզական կեանքէն հեռու անձնաւորութիւն մը չէ, սակայն Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը տակաւին բարձր է, եւ այդ պատճառով արտօնութեան առումով տակաւին խստութիւն կը բանեցուի: «Չմոռնանք նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետ միաժամանակ Լիբանան տարբեր տագնապներ կը դիմագրաւէ», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ ֆետերասիոններուն ի գործ դրած ջանքերը պէտք է փոխադարձ ըլլան` հաստատելով, որ ռակպիի, նշանառութեան, պասքեթպոլի, թեքուանտոյի եւ դահուկարշաւի ֆետերասիոնները արդէն իսկ իրենց անունները արձանագրած են եւ բացառութիւն նկատուած: Պասքեթպոլի պարագային աւելի արագ մարզումներու վերսկսելու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ Պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ օրական դրութեամբ կը հետապնդէ այդ հարցը` աւելցնելով, որ հիմնական դժուարութիւնը այդ մարզաձեւին գոց դաշտերու մէջ կիրարկումի հարցն է, բայց եւ այնպէս նախարարութիւնը եւ ֆետերասիոնը պիտի կարենան մշակել այնպիսի նախաձեռնութիւն մը, որ մօտեցնեն անոնց մարզումները վերսկսելու ժամկէտը:
Անդրադառնալով այն բողոքին, թէ որոշ մարզական ակումբներ չեն ենթարկուիր ընդհանուր փակումի որոշումին, այլ` կը բանան իրենց մարզադաշտերը եւ մարզումները կը շարունակեն բնականոն կերպով, Վ. Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ այս իմաստով նախարարութիւնը ոչ մէկ բողոք ստացած է, որպէսզի իր կարգին` ներքին գործոց նախարարութեան միջոցով հետապնդում կատարէ: Մարզական ոլորտէն իրենց ապրուստը ապահովող մարզիչներուն եւ մարմնակրթութեան ուսուցիչներուն անգործութեան պարագան նկատի ունենալով` ան յորդորեց զանոնք դիմելու ընկերային հարցերու նախարարութեան տրամադրած application-ին եւ արձանագրելու, թէ իրենք ոչ մէկ եկամուտ ունին, որպէսզի անոնք եւս նկատի առնուին պետութեան տրամադրելիք հատուցումներուն մէջ:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ ֆետերասիոններու նախագահներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած է նաեւ անոնց դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւնները: «Այս շրջագիծին մէջ նախարարութիւնը կ՛աշխատի ճշդելու շարք մը չափանիշներ, որոնց հիման վրայ ելեւմուտքի նախարարութիւնը` մեր պահանջով, նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ ֆետերասիոններուն», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան նկատել տուաւ, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան մէջ գործունէութիւնը շատ աւելի դժուար է, քան պաշտօնապէս իշխող կառավարութեան մէջ գործունէութիւնը, եւ իր հարցազրոյցը եզրափակեց ըսելով, որ կառավարութիւնը աւելի լուրջ մօտեցում պէտք է ցուցաբերէ Լիբանանի երիտասարդութիւնը եւ մարմնակրթութիւնը ներկայացնող այս նախարարութեան նկատմամբ: