Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Հարիրիի Յայտարարութիւնները Լիբանանեան Ազգային Ուխտին Եւ Հաւասարակշռուած Քաղաքական Գործակցութեան Հետ Կը Հակադրուին»

February 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին` վերադառնալու Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան ոգիին` կազմելու համար կառավարութիւնը, որուն լիբանանցիները կարիքը ունին, երկրին դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ առողջապահական ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ:

«Հարիրիի յայտարարութիւնները լիբանանեան Ազգային ուխտին եւ հաւասարակշռուած քաղաքական գործակցութեան հետ կը հակադրուին: Թիւերու եւ հաշուարկի մասին խօսքերը կարծէք քրիստոնեայ համայնքը կը յիշեցնեն, թէ հաւասարութիւնը ձեւական է եւ ոչ թէ իսկական, եւ այդ արտայայտութիւնը կը մեկնաբանուի այնպէս մը, որ նշանակուած վարչապետը կառավարութիւն կազմելու իրաւասութիւններ ունի, մինչդեռ հանրապետութեան նախագահին դերակատարութիւնը միայն շրջաբերականը վաւերացնելով կամ չվաւերացնելով կը սահմանափակուի», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հզօր Լիբանան համախմբումը կը փափաքի, որ բարեկարգումի կառավարութիւն մը կազմուի եւ անիկա ըլլայ հաւասարակշռուած կառավարութիւն մը, որուն նախարարները ըլլան մասնագէտներ:

«Համախմբումը հարց կու տայ, թէ արդեօք ներկայ պայմանները յարմա՞ր են, որ հանրապետութեան նախագահը սահմանադրական առումով լուսանցքայնացուի եւ գործադիր իշխանութեան կազմութեան մէջ անոր ներկայացուցչութիւնը լուսանցքայնացուի: Հզօր Լիբանան համախմբումը ամէն դիւրութիւն տրամադրեց, նոյնիսկ մերժեց մասնակցիլ կառավարութեան` դիւրացնելու համար անոր կազմութիւնը: Իսկ հանրապետութեան նախագահին դէմ ամբաստանութիւնները, թէ ան կը փափաքի կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ ունենալ` անճիշդ են եւ անարդար», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը քննարկեց կարգ մը օրինագիծեր, որոնք խորհրդարան պիտի ներկայացուին` քննարկուելու եւ վաւերացուելու համար իբրեւ օրէնքներ, ինչպէս նաեւ կազմեց պատուիրակութիւն մը, որ պիտի այցելէ կարգ մը դեսպանատուներ` անոնց նամակներ յանձնելու իրաւական հաշուեքննութեան եւ իւրացուած ու դուրս փոխանցուած գումարները Լիբանան վերադարձնելու վերաբերեալ:

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Մեր Ջանքերը Պիտի Շարունակենք Մարզական Կեանքը Աւելի Արագ Վերսկսելու»

Յաջորդը

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Ունենայ Իր Նախարարը, Որ Իր Իրաւունքն Է Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Չափաբաժինին Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.