Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ ստիպուի Հըզպալլայի դէմ պատերազմիլ, ապա Լիբանան պիտի դողդղայ, իսկ Հըզպալլա սուղ պիտի վճարէ զինուորական բախումներուն գինը եւ ծանրօրէն պիտի վիրաւորուի:
Կանց նկատել տուաւ, որ եթէ Իսրայէլ ստիպուի քանի մը ճակատի վրայ պատերազմիլ, բնականաբար դժուար պիտի ըլլայ անոր համար, սակայն Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլ կը շարունակէ մնալ գերհզօր ուժ, եւ իբրեւ այդպիսին անոր հակառակորդները, յատկապէս` Հըզպալլան եւ Համասը սարսափի պիտի ենթարկուին: